Որոնել

1666022582663.jpg

Սախարովի անուան մրցանակի դափնեկիրը այս տարի ուքրանացի ժողովուրդն է

Եւրոխորհրդարանի մտքի ազատութեան համար մրցանակը շնորհուեց «Ուքրանացի քաջարի ժողովուրդին՝ ի դէմս անոր նախագահի, ընտրուած առաջնորդներու և քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

«Մտքի ազատութեան համար» Անտրէյ Սախարովի անուան Եւրոխորհրդարանի 2022 թուականի մրցանակը շնորհուեցաւ «Ուքրանացի քաջարի ժողովուրդին՝ ի դէմս անոր նախագահի, ընտրուած առաջնորդներու և քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու»:

Չորեքշաբթի՝ հոկտեմբերի 19-ին Եվրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպէրթա Մեցոլան յայտարարելով 2022 թուականի յաղթողի անունը, յայտնեց որ «այս մրցանակը այն ուքրանացիներուն համար է, որոնք կը կռուին ռազմադաշտին մէջ: Անոնց, որոնք ստիպուած եղած են փախչիլ: Անոնց, որոնք կորսնցուցած են հարազատներն և ընկերները: Բոլոր անոնց, որոնք ոտքի կը կանգնին կռուելու յանուն այն բանի, ինչին կը հաւատան։ Ես գիտեմ, որ ուքրանացի քաջարի ժողովուրդը չի յանձնուիր, և ոչ ալ մենք կը յանձնուինք» ըսած է նախագահ Մեցոլան:

Մրցանակը պիտի յանձնուի դեկտեմբերի 14-ին Սթրազպուրկի մէջ կայանալիք արարողութեան ընթացքին:

Նշենք, որ Սախարովի անուան մրցանակը հիմնադրուած է Եվրոխորհրդարանի կողմէ 1988 թուականին և կը շնորհուի «ամբողջ աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու համար պայքարին մէջ բացառիկ ներդրում ունեցած անձերուն և հասարակական կազմակերպութիւններուն»։ Ան կը կրէ խորհրդային իրաւապաշտպան և այլախոհ Անտրէյ Սախարովի անունը: 2021 թուականին մրցանակը ստացած էր ռուս ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Ալեքսէյ Նավալնին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2022, 10:32