Ալես Պիալիաթսքին 2022 թուականի խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանացաւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Խաղաղութեան 2022 թուականին Նոպէլեան մրցանակը շնորհուեցաւ քաղաքացիական իրաւունքներու քաղաքական գործօն, Պիելոռուս Ales Bialiatski-ին, Ռուսական ոչ կառավարական Memorial կազմակերպութեան ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ քաղաքացիական ազատութեան կեդրոնին։
Յայտնենք, թէ Նոպէլեան մրցանակի յանձնաժողովը երեք յաղթողները ընտրած է հետեւեալ համոզումով . «Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակիրները կը ներկայացնեն իրենց երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւնը։
Անոնք երկար տարիներ նախաձեռնած են, իշխանութիւնը քննադատելու եւ ժողովուրդին հիմնական իրաւունքները պաշտպանելու իրաւունքը, ու բացառիկ ջանքեր գործադրած են ռազմական յանցագործութիւնները, մարդկային իրաւունքներու խախտումները եւ իշխանութեան չարաշահումները փաստագրելու համար։
Անոնք միասին ցոյց տուին քաղաքացիական հասարակութեան կարեւորութիւնը խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ