Որոնել

Սուրբ Սարգիս եկեղեցին Սուրբ Սարգիս եկեղեցին 

Եւրոպական խորհրդարանը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը՝ ջնջելու եւ ժխտելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ԼՂ-ի եւ անոր շրջակայքը

Քուէարկութեան նախօրէին՝ Հոկտեմբեր 12-ին, ԵԽ խմբակցութիւններուն ուղարկուեցաւ «Caucasus Heritage Watch»-ի նոր զեկոյցը եւ այնտեղ արձանագրուած՝ Հադրութի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ոչնչացման դէպքը:

Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս, վերջին ամիսներուն, կը մշակու «Մշակոյթի եւ միջազգային մշակութային յարաբերութիւններու նոր եւրոպական օրակարգը 2023-2026 թուականներուն համար» (Implementation of the New European Agenda for Culture and the EU Strategy for International Cultural Relations) զեկոյցը, ուր մշակութային համաշխարհային քաղաքականութեան արդիւնաւէտ իրականացման ռազմավարութեան համար, ի թիւս այլ հրատապ հարցերու, կարեւոր համարուած է ԼՂ մշակութային արժէքներուն պաշտպանութեան հարցը։ Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող Monumentwatch.org կայքը։

Եւրոպական խորհրդարանի գործընկերներուն հետ ԵՄ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցչութեան քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք որոշում կայացուած է ներկայացնելու լրամշակում, որմով յղում կը կատարուէր ԵԽ կողմէ 2022թ. Մարտին ընդունուած՝ ԼՂ-ի մէջ մշակութային արժէքներու ոչնչացման վերաբերեալ բանաձեւին, ուր կան Ազրպէյճանին ուղղուած յստակ եւ քննադատական ուղերձներ՝ (հաշուի առնելով 2015 թուականի Ապրիլ 28-ի «ISIS/Da’esh» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէն իրականացուած մշակութային վայրերու ոչնչացման եւ 2022 թուականի Մարտ 10-ի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ իր որոշումները.)

«Լրամշակումներու ներկայացման վերջնաժամկէտը (Սեպտեմբեր 16) համընկաւ Սեպտեմբեր 13-ին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ յարձակման հետ, եւ Նաթալի Լուազոն (Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր) ներկայացուց նաեւ առանձին լրամշակում՝ հետեւեալ խմբագրութեամբ՝ «Կը դատապարտէ Ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը՝ ջնջելու եւ ժխտելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շրջակայքը՝ խախտելով միջազգային իրաւունքը եւ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի դատարանի որոշումը. Կը դատապարտէ Հայաստանի նկատմամբ Ազրպէյճանի վերսկսուած յարձակումը, որ ալ աւելի վտանգի կ՝ենթարկէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը. կոչ կ՝ընէ ԵՄ-ին աշխոյժ կերպով ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջ դնէ ռազմական գործողութիւններուն եւ մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վտանգի տակ գտնուող մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերուն, մասնաւորապէս՝ մեքենականութիւններ տեղակայելով՝ նպաստելու UNESCO-ի փաստահաւաք առաքելութեան)»:

Այլ լրամշակում մը ներկայացուեցաւ ԵԺԿ խմբակցութեան յոյն եւ կիպրացի ութ պատգամաւորի կողմէ՝ «կոչ կ՝ընէ թրքական իշխանութիւններուն լիովին յարգելու մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններու եւ խորհրդանիշերու պատմամշակութային բնոյթը, յատկապէս UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կէտերու ցանկին մէջ ընդգրկուածներուն. կոչ կ՝ընէ Թուրքիոյ ամբողջութեամբ յարգելու քրիստոնէական, հայկական, պոնտական եւ հրէական ծագում ունեցող յուշարձանները պաշտպանելու իր միջազգային պարտաւորութիւնը»:

Քուէարկութեան նախօրէին՝ Հոկտեմբեր 12-ին, ԵԽ խմբակցութիւններուն ուղարկուեցաւ «Caucasus Heritage Watch»-ի նոր զեկոյցը եւ այնտեղ արձանագրուած՝ Հադրութի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ոչնչացման դէպքը:

Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերով կոմիտէն՝ Հոկտեմբեր 13-ի նիստին կայացած քուէարկութեամբ՝ ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունեց նախորդ բանաձեւերուն յղում ընելու վերաբերեալ լրամշակումը, ինչպէս նաեւ 106-րդ եւ 137-րդ լրամշակումները:

Վերոնշեալ 106-րդ լրամշակման ընդունումը այս պահուն կարեւոր էր ոչ միայն այնտեղ նշուած Հայաստանի նկատմամբ Ազրպէյճանի Սեպտեմբեր 13-ի յարձակման յստակ դատապարտմամբ, այլ նաեւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի վերաբերեալ զեկոյցներու մշակման զուգահեռ հայկական մշակութային արժէքներու ոչնչացման՝ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը դատապարտող AFET դիրքորոշման վերահաստատմամբ. 2022թ. Մարտին ԼՂ-ի մէջ մշակութային արժէքներու ոչնչացման վերաբերեալ բանաձեւին ընդունումէն ետք՝ Ազրպէյճանը շատ առխոյժ քարոզչութիւն կ՝իրականացնէ նշեալ բանաձեւին «միակողմանի ըլլալուն» ուղղութեամբ»,- նշուած է Monumentwatch.org կայքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2022, 08:37