Որոնել

1666284790483.jpg

Հայ գերիներու գնդակահարութեան վերաբերող նոր բացայայտումներ կատարուեցան

Հետաքննող խումբի փորձագէտ Քարլոս Կոնզալես, համադրելով Google-ի քարտէսները, արբանեակներէն ստացուած նկարները եւ բաց աղբիւրներու մէջ գտնուող շարք մը այլ տուեալներ՝ արձանագրեց, որ տեսանիւթին մէջ լսուող ատրպէյճաներէն բառերէն, ինչպէս նաեւ զինուորներու համազգեստի տարբերանշաններէն կարելի է ենթադրել, որ անոնք Ատրպէյճանի զինուած ուժերէն են:

Այս ամսուան սկիզբը, համացանցի վրայ տարածուեցաւ սահմռկեցուցիչ տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս խումբ մը ատրպէյճանցի զինուորներ բարձունքի մը վրայ կը գնդակահարեն շարքով շարուած 9 անզէն հայ գերիները։ Ըստ Հոլանտայի մէջ գործող հեղինակաւոր Bellingcat հետազօտական լրատուութեան կեդրոնի վերջին հետազօտութեան՝ դէպքը տեղի ունեցած եւ նկարուած է Սեւ լիճի մերձակայքը, ամենայն հաւանականութեամբ` 13 Սեպտեմբերին։

Հետաքննող խումբի փորձագէտ Քարլոս Կոնզալես, համադրելով Google-ի քարտէսները, արբանեակներէն ստացուած նկարները եւ բաց աղբիւրներու մէջ գտնուող շարք մը այլ տուեալներ՝ արձանագրեց, որ տեսանիւթին մէջ լսուող ատրպէյճաներէն բառերէն, ինչպէս նաեւ զինուորներու համազգեստի տարբերանշաններէն կարելի է ենթադրել, որ անոնք Ատրպէյճանի զինուած ուժերէն են:

Պաշտօնական Պաքու մերժեց մեկնաբանութիւններ կատարել. արտաքին գործոց նախարարութիւնը Bellingcat-ին ըսաւ, որ մինչեւ քննութեան աւարտը իրենք որեւէ բան չեն կրնար ըսել, նոյն ժամանակ պնդելով, որ եթէ իրաւապահները պարզեն, որ իրենց զինուորները յանցաւոր են՝ անոնք պիտի ենթարկուին պատասխանատուութեան:

Մինչեւ Պաքուի հետաքննութեան աւարտը, անկախ փորձագէտը արձանագրեց, որ 17 վայրկեաննոց տեսանիւթին մէջ անզէն մարդոց ուղղութեամբ կրակ կը բանան զինուորներէն առնուազն երեքը: Անոնց առջեւ կը լսուի, թէ ինչպէ՛ս մէկը ատրպէյճաներէնով կ՛ըսէ. «Մի՛ կրակեր», կրակոցներէն ետք՝ «Դադրեցո՛ւր կրակը»` դարձալ ատրպէյճաներէնով: Տեսանիւթի վատ որակին պատճառով, սակայն, կարելի չէ եղած յստակացնել, թէ ներկաներէն ո՛վ փորձած է կանխել սպանութիւնները:

Տակաւին այս ամսուան սկիզբը Liberation-ի երկու լրագրողներ տեղորոշեցին տեսանիւթին մէջ երեւցող պատկերները եւ պնդեցին, թէ անիկա նկարահանուած է Սեւ լիճի հարաւը` Հայաստանի տարածքին մէջ ինկած լեռնաշղթային վրայ: Bellingcat-ը անկախ հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք հաստատեց ֆրանսացի լրագրողներուն այս եզրակացութիւնը: Համեմատելով արբանեակային լուսանկարները՝ մասնագէտը նոյն ատեն նշեց, որ հայկական կողմը այս տարածքին մէջ իր դիրքը միայն վերջերս ամրացուցած էր` ատրպէյճանական յարձակումէն ամիս մը առաջ՝ 15-16 Օգոստոսին:

Bellingcat-ը հետազօտեց նաեւ կրակողներու համազգեստը եւ զէնքը: Գնդացիրը, որմէ կրակ կը բացուի գերիներուն ուղղութեամբ, ամենայն հաւանականութեամբ AK-74 է, որուն տարբերակները, ըստ հաղորդումներուն, կ՛արտադրուին կարգ մը երկիրներու մէջ, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի։

Համազգեստներու համեմատութիւնը բաց աղբիւրներու մէջ գտնուող այլ տուեալներու հետ, ցոյց կու տայ, որ անիկա թրքական ծագում ունի եւ վերջին տարիներուն կ՛օգտագործուի ատրպէյճանցի զինուորականներուն կողմէ: Փորձագէտը կը նշէ, որ առնուազն 2013էն ի վեր Ատրպէյճանի կանոնաւոր բանակը եւ ներքին զօրքերը կը կրեն թրքական համազգեստներ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չհաստատեց, բայց նաեւ չհերքեց սեփական բանակին մեղսակցութիւնը կատարուածին՝ նշելով, որ տակաւին քննութիւն կը կատարուի։ Սակայն, Պաքու նոյն ժամանակ պնդեց, որ Ատրպէյճան յարուցած է 11 քրէական գործեր իր զինուոներուն դէմ` պատերազմի օրէնքը խախտելնուն համար, ի տարբերութիւն Հայաստանի, որ, անոնց բնորոշումով, «արդիւնաւէտ քայլերու չի ձեռնարկեր պատերազմական յանցագործութիւնները կանխելու, մեղաւորները պատասխանատուութեան կանչելու համար»:

Bellingcat-ը իր կարգին կը նշէ, որ կը շարունակէ հետաքննել հայ- ատրպէյճանական սահմանին նկարուած տեսանիւթերը, որոնք ցոյց կու տան վերջին բախումներուն ընթացոին տեղի ունեցած հնարաւոր այլ պատերազմական յանցագործութիւններ:

Մինչ այդ` նախորդ շաբաթ, հեղինակաւոր Human Rights Watch-ը պնդեց, որ հայ ռազմագերիներու գնդակահարումը պատերազմական յանցագործութիւն է, որուն մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին:

Միջազգային այս կազմակերպութիւնը եւս ուսումնասիրած էր համացանցի վրայ տարածուած տեսանիւթը եւ դարձեալ պնդած, որ զինուորներու համազգեստը կը համընկնի ատրպէյճանական բանակի տարազի գոյներուն: Ընդ որում, արբանեակային լուսանկարներով կատարուած պատկերները ցոյց կու տան, որ 13 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Մեծ Իշխանասարի ու Փոքր Իշխանասարի տարածքին մէջ ծուխ կը բարձրանար, մինչդեռ անկէ 24 ժամ առաջ` 12 Սեպտեմբերին, կրակի որեւէ նշան չկար այնտեղ:

Միջազգային մարդասիրական օրէնքը, կամ` պատերազմի օրէնքները կը պահանջեն, որ հակամարտող կողմերը ռազմագերիներուն մարդասիրաբար մօտենան բոլոր պարագաներուն: Այս զինուորները գերի առնուած էին եւ վար դրած իրենց զէնքերը, յայտարարեց Human Rights Watch-ի Եւրոպայի բաժինի ղեկավար Հիւ Ուիլեըմսըն՝ ընդգծելով, որ զանոնք գերի առնողները պարտաւոր էին մարդասիրաբար վերաբերիլ, սակայն հակառակը տեղի ունենաւ. ատրպէյճանցի զինուորները սառնարիւն կերպով դիմեցին գնդակահարութեան: Ուրեմն անոնք պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2022, 07:04