Որոնել

Հայց զինուորներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Հայց զինուորներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 

Յանձնուած զինուորներու սպանութիւնը պատերազմական սարսափելի յանցանք է. Human Rights Watch

Կազմակերպութիւնը նաեւ վերլուծեց 13-14 Սեպտեմբերի արբանեակային պատկերները եւ օգտագործեց կարգ մը թեքնիք միջոցներ, որոնց կարգին՝ եռաչափ օրինակում, աշխարհագրական տեղորոշում` յստակացնելու համար, թէ ո՛ւր տեսագրուած է տեսանիւթը, սակայն անձամբ չէ կրցած ճշդել դէպքին վայրը։

Human Rights Watch կազմակերպութիւնը անդրադարձաւ ատրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ հայ ռազմագերիները մահապատիժի ենթարկելու տեսերիզին`իր հրապարակած յօդուածին մէջ նշելով, որ անիկա պատերազմական յանցագործութիւն է, որուն համար պէտք է մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին, եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է երաշխաւորեն, որ իրենց դատախազութեան կողմէ բացուած հետաքննութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ կազմակերպութիւնը վերլուծած է այդ տեսանիւթը:

Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Հիւ Ուիլեըմսըն յայտնեց, որ զինուորները գերի ինկած էին եւ վար դրած զէնքերը, եւ զանոնք գերի առնողները պարտաւոր էին անոնց հետ մարդասիրաբար վերաբերիլ, սակայն փոխարէնը ատրպէյճանցի զինուորները ակնյայտօրէն եւ սառնասրտութեամբ գնդակահարեցին զանոնք: Անոնք պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին:

Human Rights Watch-ը ստուգած է 40 վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթը՝ շարք մը թեքնիք միջոցներով, նաեւ խորհրդակցելով զէնքի եւ բժշկական մասնագէտներու հետ, վերլուծելով տեսանիւթին մէջ լսուող լեզուն եւ օգտագործելով հակադարձ որոնման պատկերներու համակարգեր` յստակացնելու համար, թէ արդեօք տեսանիւթը առցանց տեղադրուա՞ծ է մինչեւ Սեպտեմբերի կէսը: Առողջապահութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտի մասնագէտ Ռոհինի Հաար, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանի հանրային առողջութեան դպրոցի փրոֆեսէօր է, Human Rights Watch-ին ըսաւ, որ այդքան մօտէն արձակուած հրացանի կրակոցէն ողջ մնալու հաւանականութիւնը ցած է:

Կազմակերպութիւնը նաեւ վերլուծեց 13-14 Սեպտեմբերի արբանեակային պատկերները եւ օգտագործեց կարգ մը թեքնիք միջոցներ, որոնց կարգին՝ եռաչափ օրինակում, աշխարհագրական տեղորոշում` յստակացնելու համար, թէ ո՛ւր տեսագրուած է տեսանիւթը, սակայն անձամբ չէ կրցած ճշդել դէպքին վայրը։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2022, 08:06