Որոնել

«Ամերիկացի» ֆիլմ «Ամերիկացի» ֆիլմ 

«Ամերիկացի» ֆիլմը Woodstock փառատօնին «Lաւագոյն Գեղարուեստական ֆիլմ» ճանչցուած է

Ֆիլմը ստացած է պետական ֆինանսական մասնակի աջակցութիւն ՀՀ ԿԳՄՄ ենթակայութեամբ գործող «Հայաստանի ազգային կինոկեդրոն»-ին կողմէ:

Բեմադրիչ Միքայէլ Ա. Գուրջեանի «Ամերիկացի» ֆիլմը Woodstock փառատօնին ճանչցուած է յաղթող «Lաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ» անուանակարգին մէջ։ Միաժամանակ ֆիլմի գործակատար Ղասեմ Էբրահիմեանը՝ նոյն փառատօնին ստացած է «Lաւագոյն գործակատարական աշխատանք» անուանակարգը։ Այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, կը յայտնեն Հայաստանի Ազգային կինօկեդրոնէն։

Օրեր առաջ, Համպուրկի փառատօնին, ուր ներկայացուած էին 100-է աւելի ֆիլմեր, «Ամերիկացի» ֆիլմը ստացած է «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակը։

Ֆիլմը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով ողջ մնացած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդի՝ Չարլիի մասին, որուն ընտանիքը, դժբախտաբար, այդ ոճրագործութեան զոհ դարձած էր: Պատմութիւնը կը սկսի 1947թ., երբ Չարլին կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը բախի խորհրդային կոմունիզմ կոչուող դաժան իրականութեան:

Բեմադրիչ եւ սենարիստ՝ Միքայէլ Ա. Գուրջեան, գործակատար՝ Ղասեմ Էբրահիմեան, դերասաններ՝ Յովիկ Քէուչկերեան, Միխայիլ Տրուխին, Նելլի Ուվարովա, Ժան-Փիեռ Նշանեան, արտադրողներ՝ Արման Նշանեան, Սոլ Տրիոն, Փաթրիք Մալխասեան, Անի Որսկանեան, արտադրող ընկերութիւն՝ People Of Ar Productions:

Ֆիլմը ստացած է պետական ֆինանսական մասնակի աջակցութիւն ՀՀ ԿԳՄՄ ենթակայութեամբ գործող «Հայաստանի ազգային կինոկեդրոն»-ին կողմէ:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2022, 07:45