Որոնել

1665737873036.jpg

Խրիմի կամուրջի պայթումին գործով կալանաւորուած են 5 մեղադրեալներ, որոնցմէ 3-ը Հայ են

«Անոնք բոլորն ալ ունին կասկածելիի կարգավիճակ, բոլորին նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է մինչեւ 8 դեկտեմբեր կալանաւորումը», ըսած է լրատու գործակալութեան զրուցակիցը:

Սիմֆերոփոլի Քիեւեան շրջանի դատարանը Խրիմի կամուրջին վրայ տեղի ունեցած պայթումին քրէական գործով կալանաւորած է հինգ մեղադրեալ: Այս մասին «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած են դատարանի մամլոյ ծառայութենէն:

«Անոնք բոլորն ալ ունին կասկածելիի կարգավիճակ, բոլորին նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է մինչեւ 8 դեկտեմբեր կալանաւորումը», ըսած է լրատու գործակալութեան զրուցակիցը:

Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր կասկածելիներու ձերբակալութեան մասին` վկայակոչելով աղբիւրը: Խօսքը Արտեմ Ազատեանի, Կէորկի Ազատեանի, Ռոման Սոլոմքոյի, Վլատիմիր Զլոպի եւ Արթուր Տերչանեանի մասին է:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2022, 08:00