Որոնել

6.jpg

Եգիպտոսի մէջ հանդիպում Արամ Ա., Աֆրամ Բ. եւ Թաուատրոս Բ. Հովուապետերու միջեւ

Յանձնախումբին եւ հոգեւոր պետերուն յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ յառաջիկայ տարի Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Հոկտեմբեր 17-19 2022-ին, Գահիրէէն (Եգիպտոս) քիչ անդին գտնուող Անպա Պիշոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Անտիոքի Պատրիարքութեան եւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում։ Յայտնենք, որ 1996 թուականին, Վեհափառ Հայրապետին, ասորի եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. Պատրիարքին եւ ղպտի եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքին միաձայնութեամբ հաստատուած միջ-եկեղեցական գործակցութեան յանձնախումբը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցած էր Անթիլիասի Մայրավանքին, Գահիրէի եւ Դամասկոսի մէջ։ Յիշեալ յանձնախումբին մեր Ս. Աթոռին կողմէ մաս կազմեցին Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Համաճարակին հետեւանքով թէ՛ յիշեալ յանձնախումբի անդամները եւ թէ երեք հոգեւոր պետերը առիթ չէին ունեցած շարունակելու իրենց հանդիպումներն ու հաւաքական աշխատանքները։ Անպա Պիշոյ վանքին մէջ առաջին երկու օրերը հանդիպեցան յանձնախումբի անդամները եւ քննարկեցին միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ծիրէն ներս կաթողիկէ, ուղղափառ եւ անկլիքան եկեղեցիներուն հետ շարունակուող աստուածաբանական երկխօսութիւնները, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին մեր եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ յիշեալ եկեղեցիներուն առնչուած յատկանշական դէպքեր ու կարեւոր ծրագիրներ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ։

Երրորդ օրը տեղի ունեցաւ յանձնախումբին եւ հոգեւոր պետերուն միջեւ հանդիպում։ Յանձնախումբը զեկոյց ներկայացուց իր կատարած աշխատանքներուն մասին, տեղի ունեցան անհրաժեշտ քննարկումներ եւ ապա հոգեւոր պետերը հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան կարեւորութիւնը։

Յանձնախումբին եւ հոգեւոր պետերուն յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ յառաջիկայ տարի Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2022, 08:52