Քանն քաղաքին մէջ՝ Շարլ Ազնաւուրի անունով արմաւենիներու ճեմուղի
Ֆրանսայի Քանն քաղաքին մէջ, 26 Հոկտեմբերին բացումը կատարուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող արմաւենիներու ճեմուղիին: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին տեղեկացուցին «Ազնաւուր հիմնարկ»էն:
Շարլ Ազնաւուրի ճեմուղին կը տանի դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման հայ անդամներուն նուիրուած յուշարձանը:
Ճեմուղիի անուանակոչման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին Քաննի քաղաքապետ Տաւիտ Լիսնար, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Նիքոլա Ազնաւուր, Քաննի հայերու միութեան անդամները եւ այլ հիւրեր:
Շարլ Ազնաւուր Քաննի շարժապատկերի փառատօնի մնայուն մասնակցողներէն էր՝ թէ՛ իբրեւ դերասան եւ թէ դատական կազմի անդամ: Ան ամուր կապեր ունեցած է այս քաղաքին հետ եւ նոյնիսկ ստացած է Քաննի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումը:
«Այս իրադարձութիւնը տեղի կ՛ունենայ այն ատեն, երբ Հայաստան անգամ մը եւս յարձակման կ՛ենթարկուի եւ սպառնալիքի տակ է անոր գոյատեւման հարցը: Մենք պէտք չէ անտարբեր մնանք. ներկայի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը պէտք չէ քօղարկէ այս իրողութիւնը: Ես կ՛ուզեմ ընդգծել մեր կապը, մեր յարգանքը եւ աջակցութիւնը յայտնել Հայաստանին: Մենք պէտք է աջակցինք հայերուն, որոնք ճնշման ենթակայ են եւ պաշտպանենք անոնց ամբողջականութիւնը», ըսաւ Քաննի քաղաքապետը:
Լուրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ