Որոնել

9.jpg

Ատրպէյճան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ոչ թէ 51, այլ 127 քառ. քմ. գրաւած է

Իշխանական պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեան թիւը տուաւ այս օրերուն Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու խորհրդակցութեան ընթացքին:

Ճիշդ է այն տեղեկութիւնը, որ ատրպէյճանական զօրքերը 44օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանէն 127 քառ. քիլոմեթր գրաւած են:

Իշխանական պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեան «Ազատութեան» ըսաւ, որ այս մասին յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութենէն: «Ես աշխատում եմ պաշտպանութեան նախարարութեան մեր գործընկերների հետ: Մեր յանձնաժողովը պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողով է, եւ ի հարկէ, մեր առաջին գործընկերը Պաշտպանութեան նախարարութիւնն է», ըսաւ ան:

Այս ծաւալի կորուստի մասին առաջին անգամ ըլլալով է որ կը հրապարակուի: Խաչատրեան այս թիւը տուաւ այս օրերուն Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու խորհրդակցութեան ընթացքին:

Ցարդ պաշտօնապէս բոլորովին այլ թիւ հրապարակուած էր: Նիկոլ Փաշինեան 13 Սեպտեմբերի յարձակումէն մէկ օր ետք Ազգային ժողովին յայտարարեց, որ այդ մարտերուն ընթացքին Ատրպէյճան տասը քառ. քմ. տարածք գրաւեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։

Իսկ 2021ին յայտարարուած էր 41 քառ. քիլոմեթր կորուստի մասին: Այս կը նշանակէ, որ 2021էն մինչեւ օրս Ատրպէյճան 51 քառ. քմ. տարածք գրաւած է: Ինչո՞վ կը բացատրուի այս տարբերութիւնը. Փաշինեան ճշմարտութի՞ւնը կը պահէ: Խաչատրեան ըսաւ, որ վարչապետը խօսած է միայն վերջին տուեալներուն մասին: «Երկուսն էլ ճշմարիտ ա: Որովհետեւ վարչապետը խօսում էր վերջին ժամանակահատուածի մասին, իսկ ես խօսում էի ընդհանրապէս 21 թուականից առ այսօր», ըսաւ ան:

Խաչատրեան չուզեց խօսիլ այն մասին, որ արդեօք նախո՞րդ տարուան տուեալները գաղտնի պահուած են։ Ան չուզեց մանրամասնել նաեւ, թէ վերջին մարտերուն կամ 2021էն մինչեւ օրս Հայաստան քանի՛ դիրք կորսնցուցած է։ «Դիրքերի առումով չեմ կարող ասել եւ չեմ էլ ասի այդ թիւը: Նպատակայարմար չեմ գտնում ասելու, թէ քանի, որտեղ եւ ինչ»:

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, ըստ որուն, Սեպտեմբերի երկօրեայ մարտերուն Հայաստան  50 դիրքեր կորսնցուցած է՝ ըսաւ. «Կարծում էք, որ երբեւիցի ճշմարտութիւնը կ՛ասե՞ն այսօրուայ իշխանութիւնները, նաեւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» քաղաքական ուժը։ Ես միայն կարող եմ ասել, որ վերջին բախման ժամանակ Ադրբեջանի կողմից յանցագործ գործողութիւններով, սադրանք կազմակերպելով Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, մերոնք խօսում են, որ մօտաւորապէս յիսուն դիրքի կորուստ է տեղի ունեցել տարբեր հատուածներում»:

Օհանեան թէ՛ 2021ի, թէ՛ վերջին պատերազմի օրերու կորուստներուն համար կը մեղադրէ Փաշինեանի իշխանութիւնը: Զէնքի խնդիր ունէին, բահ ու բրիչ ալ չունէի՞ն, որ դիրքերը ամրացնէին: «Սահմանային բնակավայրերում լինելու ժամանակ սահմանային բնակավայրերի բնակիչները իրենք են ասում, որ երկար ժամանակ խնդրում են` ընդգրկէք մեզ պաշտպանական կառոյցների սարքաւորման գործում, ընդգրկէք մեզ խրամատաւորման գործում: Բայց իշխանութիւնները, չգիտես ինչու, մի մասին ընդգրկում են, միւս մասին չեն ընդգրկում»:

Խաչատրեան վստահ է, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը վերականգնելու հեռանկար կայ, ըլլայ այդ զէնքով թէ դիւանագիտական ուղիով: «Հրով կ՛ըլնի, թէ սրով կ՛ըլնի, պէտք է վերադարձուեն… թէ գրիչով», ըսաւ ան:

Կորուստներուն մասին տուեալներ կը յայտնեն իշխանական եւ ընդդիմադիր պատգամաւորները, իսկ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Սեպտեմբերի մարտերէն մէկուկէս ամիս ետք եւս պաշտօնապէս ո՛չ դիրքային կորուստները կը ներկայացնէ, ո՛չ ալ զոհերուն մասին ամփոփ տուեալներ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2022, 08:36