Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց դպրեվանքի ուսուցչական ժողովին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 2022-2023 կրթական-ուսումնական տարեմուտի շեմին, դպրեվանքի սրահին մէջ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. հայրապետին, կայացաւ ուսուցչական ժողով, շաբաթ, 1 հոկտեմբեր 2022-ին: Ժողովին ներկայ էին դպրեվանքի ուսուցչական կազմէն խումբ մը հոգեւորական եւ աշխարհական դասատուներ:
Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ամենակալին օրհնութեամբ այս տարի եւս դպրեվանքը պատրաստ է իր դռները լայնօրէն բանալու դպրեվանեցիներուն դիմաց եւ մեր ժողովուրդին տուած իր խոստումին հաւատարիմ մնալով` մեր ազգին, յատկապէս սփիւռքին մատակարարելու հոգեմտաւոր պատրաստութիւն ունեցող մշակներ: Իր խօսքի աւարտին տեսուչ հայր սուրբը հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը իր հայրական ու հայրապետական յորդորներով ուղեցոյցներ ճշդելու եւ առաջնահերթութիւններ յստակացնելու` դպրեվանքի ուսումնական-կրթական նոր տարեշրջանը լաւագոյնս իմաստաւորելու նպատակով:
Արամ Ա. կաթողիկոս առաջին հերթին իր հայրական ողջոյնն ու սէրը փոխանցեց դպրեվանքի տեսչութեան, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան: Վերյիշեցնելէ ետք դպրեվանքին առանցքային ու եզակի դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ, ընդգծեց այս սրբազան յարկին տակ հոգեմտաւոր, բարոյական ու ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, որ դպրեվանքը տարիներ շարունակ լծուած է մեր ազգին մարդուժ պատրաստելու սրբազան առաքելութեան. առաքելութիւն մը, որ չի նմանիր ազգային վարժարաններուն այլապէս սրբազան կոչին: Դպրեվանքին մէջ մեր ուսանողները կը պատրաստուին ու կը լիցքաւորուին ապագային մեր ազգի մշակութային, ազգային ու հոգեւոր կեանքը հարստացնելու եւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման գործին նուիրուելու: Այս գիտակցութեամբ դպրեվանքին մէջ մենք կերտուեցանք, կը կերտենք ու պիտի շարունակենք կերտել հայ ազգին ապագայ սերունդները:
Իր խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դպրեվանքի տեսչութեան, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան տարած աշխատանքին եւ բարի երթ, յաջող տարեշրջան ու արգասաբեր ուսումնական-կրթական տարի մը մաղթեց դպրեվանքին:
Յիշենք, որ վեհափառ հայրապետը երկար տարիներէ ի վեր աստուածաբանութիւն կը դասաւանդէ դպրեվանքի ընծայարանի վերջին դասարանին:
Յայտնենք, որ տեսուչ հայր սուրբին իբրեւ օգնականներ տեսչութեան մաս կը կազմեն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեանը, Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանը եւ Ազատ աբղ. Ֆիլիքեանը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ