Որոնել

hrant-copia.jpg

Հրանդ Տինքի անուան դափնեկիրները մեծարուեցան

Նախորդ մրցանակաբաշխութեան հանդէսներուն նման, գործադրուեցաւ ձեռնարկին «Լոյսեր» խորագիրով հատուածը։

ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».-  Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին մրցանակի տուչութիւնը այս տարի եւս կատարուեցաւ առցանց։
«23.5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայր»էն կատարուած ձեռնարկին ընթացքին պարգեւատրուեցան Թուրքիայէն՝ Մարդկային իրաւունքներու հիմնարկը, որ մեծ աւանդ ունի տանջանքէ, վատ վերաբերմունքէ զերծ, խաղաղ աշխարհ մը կառուցելու, ժողովրդավարութեան զարգացման եւ մարդու արժանապատուութեան պահպանման ոլորտին մէջ։ 2022ի երկրորդ դափնեկիրն է մարդկային իրաւանց պաշտպան աֆղան գործիչ Շահարզատ Աքպար, որ կ՛աշխատի «Թալեպան» կազմակերպութեան ծանր ճնշումներուն տակ ուսանելու, արտայայտուելու, կազմակերպուելու եւ ճամբորդելու իրաւունքներէն զրկուած կիներու ձայնը լսելի դարձնելու, այս մասին կիներուն միջեւ համաշխարհային զօրակցութիւն գոյացնելու համար։

Նախորդ մրցանակաբաշխութեան հանդէսներուն նման, գործադրուեցաւ ձեռնարկին «Լոյսեր» խորագիրով  հատուածը։ Այս տարի այդ բաժինին մէջ ծանօթացանք Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէ եւ աշխարհի զանազան երկիրներէ մարդկային իրաւունքներ պաշտպանողներու եւ սեռային խտրականութեան, բնութեան կեղեքման դէմ պայքարողներու յոյս ներշնչող դիմադրութեան դրուագներուն։ Այդ վկայութիւնները քաղուած էին Մեքսիքայէն Աֆղանիստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լեհաստան, Ռուսիայէն, Պրազիլէն եւ  երկրագունդի այլ հատուածներէ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2022, 08:15