Հաղորդաշար` նուիրուած Հայկական Գրականութեան (23) ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ (2)
Արդի արեւելահայ գրական լեզուն Տէրեանական է, անոր տաղաչափական կառուցուածքը, պատկերներու ձեւերը Տէրեանէն մնացին:
«Տէրեանի ակունքից է ծնուել ու սնուել մեր նորագոյն հայ պոէզիան», գրած է Գէորգ Էմին:
Դժուար է պատկերացնել բանաստեղծի համար աւելի հանճարեղ գործ, քան լեզուակերտումը: Տէրեան ինք ստեղծեց նոր բանաստեղծական լեզուն, քիչ բան վերցուց հինէն, իսկ յետոյ կերտեց նորը՝ իր ուրոյն լեզուամտածողութիւնը:
Ստեղծուած նորին համար Տէրեան խիստ քննադատութեան ենթարկուեցաւ իր ժամանակի գրաքննադատներուն կողմէ: Սակայն, հակառակ անոր որ Թումանեանն ու Իսահակեանը կը գտնուէին Տէրեանին հակադիր դիրքին վրայ, անոնք ջերմօրէն պաշտպանեցին զինք ու քաջալերեցին:
«Տէրեանի գլխաւոր դասը, ի հարկէ, նրա պոէզիան է: Ինչպէս յայտնի է, նրա կենդանութեան օրօք եւ յետոյ էլ շատերը նրան նոյնիսկ հայ բանաստեղծ չեն համարել: Հայ մտքի պահպանողականութիւնը, բարեբախտաբար, անթափանց չէր: Տէրեանին ճիշդ հասկացան ու գնահատեցին այնպիսի «զուտ հայկական» բանաստեղծներ: Ինչպիսիք են Թումանեանն ու Իսահակեանը: Եւ ոչ միայն հասկացան ու գնահատեցին, այլեւ ազդարարեցին, որ նա է ուղենշում հայ բանաստեղծութեան վաղը», գրած է Պարոյր Սեւակ, իր «Տէրեանը պահանջում է» յօդուածին մէջ:
Տէրեան արեւելահայ առաջին բանաստեղծն էր, որ կտրուելով ժողովրդական արուեստէն, հայեացքը ուղղեց դէպի եւրոպական արժէքային համակարգ՝ եւրոպայի մէջ տեսնելով հայ ժողովուրդի ապագայ զարգացումն ու բարօրութիւնը: Ան ամէն կերպ՝ փորձեց հայ գրականութիւնը կապել եւրոպական գրականութեան հետ:
Գտնուելով ռուսական գրական շրջանակներու ոլորտին մէջ եւ անոնց ազդեցութեան տակ, ուր այդ օրերուն տիրական էր խորհրդապաշտ հոսանքը, ինքը եւս որդեգրեց այդ ոճը: Խորհրդապաշտ Վահան Տէրեանի մասին խօսելով, ակամայ հայեացքդ կ'ուղղուի դէպի մէկ ալ խորհրդապաշտ գրող եւ Տէրեանի բախտակից, ճակատագրակից Միսաք Մեծարենցը:
Երկու աննուաճ գագաթներ, որոնք իրենց ունեցած ընդհանրութիւններով հանդերձ ունին շատ լուրջ տարբերութիւններ:
Եթէ Մեծարենց բնութեան երգիչն է եւ ուժգին ձեւով կապուած է բնութեան հետ, ու բնութեան շշուկներուն մէջ կը տեսնէ աստուածային վիճակ եւ բնութիւնը գովերգելով կը զգայ Արարիչին ներկայութիւնը, ապա նոյնը չենք կրնար ըսել Տէրեանին մասին, որ կտրուելով իր ծննդավայր Ջաւախք աշխարհի Գանձա գիւղէն, քաղաքային դաժան կեանք մը կ'ապրի, բնութեան երգիչէն վերափոխուելով քաղաքային բանաստեղծի: Այստեղ, Տէրեանին քով բնութեան նշաններն ու երեւոյթները այլ արժէք ու գաղափարներ կը յառաջացնեն:
Սովորաբար քաղաքային մարդու կեանքը առաւել խճճուած է եւ տաղտկալի: Այստեղ մարդը աւելի առանձին է, ան որքան յարաբերութեան մէջ կը մտնէ մարդոց հետ, այնքան կ'առանձնանայ եւ աւելի ինքնամփոփ կը դառնայ: Բնութեան մէջ ընդհակառակը, մարդը ինքզինք առանձին չի զգար: Քաղաքը մարդուն անհատական ինքնագիտակցութեան ոլորտն է, ուր ան գիտակցաբար կ'առանձնանայ: Իսկ գիւղին մէջ մարդուն ինքնագիտակցութիւնը թերի զարգացած է: Գիւղացին ինքզինք եւ իր արժէքները՝ լաւ չի ճանչնար, իսկ փոխարէն ան աւելի հաշտ է ինքն իր անձին հետ՝ եւ այլոց նկատմամբ: Գիւղէն քաղաք գաղթող անձը ինքնագիտակցութեան ձգտող անձն է, իսկ դէպի գիւղ ձգտողը այդ ինքնագիտակցութենէն փախչողն է: Քաղաքային մարդու ողբերգութեան արտացոլումներն են Տէրեանի բանաստեղծութիւնները: Մեծարենցին քով այդպէս չէ, Մեծարենց յարատեւ ձգտում ունի անանձնականի, սակայն անանձնական ըլլալու համար անհրաժեշտ է նախ ըլլալ անձնական:
Տէրեան արեւելահայ գրական նոր լեզուի հիմնադիրն է, եւ ինչպէս բոլոր վառ անհատականութեամբ սկիզբ ստեղծող հեղինակները, ինք եւս մինակը պիտի ճակատէր աշխարհի եւ ճակատագիրի դէմ: Այստեղ ուժգին ձեւով պիտի բախէին իր ըմբոստ ներքնաշխարհն ու արտաքին աշխարհի հնացած օրէնքները: Բնազանցական բնոյթի յաւերժական պայքար է՝ մարդու եւ աշխարհի, մարդու եւ Արարիչի, մարդու եւ կատարելութեան ձգտումին եւ անոր անզօրութեան զգացողութեան միջեւ:
Տէրեան ինչքան կը ձգտէր հասնիլ իրականութեան, այնքան իրականութիւնը կը փախչէր իրմէ: Ան միայն իրականութեան ստուերային մասին կրցաւ հասնիլ, այդ ալ երազի միջոցով:
Ըստ Տէրեանի իրականութիւնը երազի մէջ միայն գոյութիւն ունի, սակայն իրական կեանքին մէջ իրողութիւնը այդպէս չէր, ուստի ան իրականութեան հասաւ իրեն յատուկ խորհրդապաշտական երաժշտութեան միջոցով: Ինչպէս յայտնի է, խորհրդապաշտական բանաստեղծութեան յատկանիշը երաժշտութիւնն է: Խորհրդապաշտները, որոնց շարքին էր նաեւ Տէրեանը, կը հաւտային, որ առարկաներուն անտեսանելի ձեւին հասնելու համար անհրաժեշտ է երաժշտութիւնը: Տէրեանի ամբողջ բանաստեղծութիւնը մեծ սեմֆոնի մըն է, ուր ներքին յանգերու միջոցով կրցած է ստեղծել ներդաշնակ երաժշտութիւն մը: Կան բանաստեղծութիւններ, որոնց մէջ միտքէն աւելի երաժշտութիւն կայ, կարծէք յատուկ երաժշտութիւն ստեղծելու համար գրուած ըլլան անոնք:
Խորհրդապաշտ Տէրեանի համար օրուան բոլոր ժամերէն ամէնէն սիրելին մթնշաղն է, ուր անսահման անուրջներու ծովը զինք կը սպասէ.
«Ես սիրում եմ մթնշաղը նրբակերտ, Երբ ամէն ինչ երազում է հոգու հետ, Երբ ամէն ինչ, խորհրդաւոր ու խոհուն, Ցնորում է կապոյտ մութի աշխարհում...»
Այստեղ հոգիի հանգստութիւն է, հեռու ցերեկուան դաժան աղմուկէն, ու մարդու ներքին ձգտումներուն, յոյզերուն եւ կիրքերուն աղմուկէն: Գիշերուան մութին մէջ կը գտնէր այն ինչը, որ չէր կրնար գտնել ցերեկուան լոյսին տակ, այն է՝ հոգիի անդորրը: Ի տարբերութիւն Մեծարենցի գիշերուան, ուր առկայ է փոխհատուցման յոյսը, այստեղ Տէրեանի գիշերը խաղաղութիւն է, անդորր է եւ վերջ, առանց ո՛չ մէկ յոյսի նշոյլի:
«Շուտով կը լռէ աղմուկը դաժան Ու սիրտս կը զգայ քայլերդ՝ փափուկ Դու նորից կ'իջնես, նուրբ իրիկնաժամ Քո խաղաղ մութով գգուող-խուսափուկ»:
Գիշերուան գաղափարին հետ համահունչ է նաեւ աշունը: Տէրեան աշնան երգիչ է: Գիշերն ու աշունը նոյնիմաստ երեւոյթներ են, ուր առկայ է ոչնչացման, անէացման գաղափարը՝ մէկը օրուան, իսկ միւսը՝ տարուան կտրուածքով:
«Կրկին իմ հոգում իջաւ մշուշոտ, արցունք անձրեւող
Տրտում իրիկուն, իմ սրտում անցաւ
Մահացող ծաղկանց բոյրը ցաւ բերող, համբոյրը խոնաւ.
Կրկին պաղ միգում ամպոտ երկինքը մեռած լոյսերի թաղումն է սգում: Անձրեւն անընդհատ
Մաղում է վհատ թաղումի կոծով,
Տխուր յուսահատ...
Իմ հոգու մէջ էլ
Աշուն է իջել անամոք լացով,
Իմ հոգու մէջ էլ...»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ