Որոնել

Նիւ Եորքի Մէջ. Վարչապետ Միքաթի Նիւ Եորքի Մէջ. Վարչապետ Միքաթի  

Նիւ Եորքի մէջ. Վարչապետ Միքաթի կը պահանջէ Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը

Միքաթի հաստատեց Լիբանանի կառչածութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, ինչպէս նաեւ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ Լիբանանը կը ներկայացնէ ՄԱԿ-ի 77-րդ Ընդհանուր ժողովին, երէկ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ աշխարհը այսօր կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր, ինչպէս նաեւ զինեալ տագնապներ, որոնք կը մտահոգեն բոլորս:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ Լիբանանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի բոլոր կառոյցներուն, որոնք կը փորձեն մեղմացնել լիբանանցիներուն տնտեսական եւ ելեւմտական բեռը: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար, որոնց նպատակն է պաշտպանել հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը` գործակցաբար լիբանանեան բանակին:

Միքաթի հաստատեց Լիբանանի կառչածութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, ինչպէս նաեւ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան:

Անդրադառնալով ծովային սահմանագծումին` Միքաթի ողջունեց այդ իմաստով ամերիկեան միջնորդութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր գերիշխանութեան, իրաւունքներուն եւ բնական հարստութեան: Ան շեշտեց, որ Լիբանան անկեղծօրէն կը մաղթէ, որ սահմանագծումի թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները աւարտին, եւ համաձայնութիւն գոյանայ: «Այս շրջագիծին մէջ ուրախութեամբ կ՛ընդգծեմ, որ զարգացումներ արձանագրուած են, եւ պէտք է մօտիկ ապագային աշխատանքը հասցնել իր աւարտին», ըսաւ ան:

Միքաթի կոչ ուղղեց Լիբանանի բարեկամ եւ քոյր երկիրներուն նեցուկ կանգնելու անոր, ինչպէս նաեւ պահանջեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան այլեւս ի վիճակի չէ հանդուրժելու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը` աւելցնելով, որ միակ իրապաշտ լուծումը տեղահանուածներու ապահով տունդարձի կազմակերպումն է:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու կեցուածքին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ տարբեր հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին դիմագրաւած տնտեսական ու ելեւմտական տագնապը լուծելու հեռանկարները:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ապտալլա Բ. ընդգծեց, որ Յորդանան կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ պիտի արագացնէ Լիբանանին ելեկտրականութիւն հայթայթելու քայլերուն գործադրութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ այդ կայունութիւնը կը պաշտպանուի նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին  կատարելով:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Միքաթի ընդունեց Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քազիմիին Լիբանանին զօրակցելու եւ օժանդակելու Իրաքի մնայուն պատրաստակամութեան համար:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի անդրադարձաւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարին արձանագրած զարգացումներուն:

Իր կարգին, Պլինքըն շեշտեց նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ Ապուլ Ղէյթ հաստատեց Արաբական լիկայի մնայուն զօրակցութիւնը Լիբանանի նկատմամբ:

Միքաթի ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի ընդհանուր տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւան, որուն հետ քննարկեց ֆոնտին եւ լիբանանեան կողմին միջեւ բանակցութիւնները:

Ճորճիեւա ընդգծեց, որ ֆոնտը յանձնառու է Լիբանանին եւ անոր միջեւ վերջնական համաձայնութեան գործադրութեան` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը տակաւին հետաքրքրուած է Լիբանանով, սակայն Լիբանան պէտք է գործադրէ իրմէ պահանջուած բարեկարգումները:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2022, 08:40