Որոնել

flag-3370970_1920.jpg

Պրիւքսէլ ուշադիր կը հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական սահմանագօտիի կացութեան

Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան սրել իրավիճակը եւ շեղել կարգաւորման շարունակական գործընթացը, որուն Եւրոպական Միութիւնը վճռականօրէն կ՛աջակցի եւ յանձնառու կը մնայ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պրիւքսէլ ուշադիր կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի իրավիճակին:
 
Այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան ներկայացուցիչը` Փեթըր Սթանօ՝ պատասխանելով Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Լուրեր»ու հարցումին` Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ Արցախի մէջ շփման գիծի երկայնքով լարուածութեան աճին եւ Ատրպէյճանի կողմէ իրավիճակի ապակայունացման վտանգներուն վերաբերեալ: «Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան սրել իրավիճակը եւ շեղել կարգաւորման շարունակական գործընթացը, որուն Եւրոպական Միութիւնը վճռականօրէն կ՛աջակցի եւ յանձնառու կը մնայ», ըսաւ Սթանօ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2022, 08:14