Որոնել

famiglia.jpg

Ընտանիքը հօր թագաւորութիւնն է, մօր աշխարհը եւ երեխայի դրախտը. Իմաստուն մտքեր ծնողներու մասին

Ծնողները ամենաչգնահատուած, բայց ամենաանգին բանն են այն ամէնէն, որ ընդհանրապէս կրնայ ըլլալ աշխարհի վրայ։

Մեր ծնողները մեր կեանքի գլխաւոր մարդիկ են, սակայն երբեմն կը մոռնանք այդ մասին, իսկ անոնք այնքա՜ն ունին մեր հոգատարութեան, սիրոյ ու աջակցութեան կարիքը։

  1. Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի երկու թեւ՝ հայր ու մայր, եւ քանի դեռ անոնք կան, մենք կը թռչինք։ Բայց շատ դժուար է մէկ թեւով թռչիլը, իսկ առաւել եւս՝ ոտքով քալելը։ Տա Աստուած, որ ամէն մարդ հնարաւորինս երկար կարենայ թռչիլ երկու թեւով։ Պահպանեցէք ձեր ծնողները։
  2. Մենք միայն մեր ծնողներուն պէտք ենք, միւսներուն պարզապէս կը հետաքրքրենք։
  3. Շատ մի բարկանաք ձեր ծնողներուն վրայ։ Յիշեցէք, անոնք ալ երեխայ եղած են, ու դուք ալ ծնող պիտի ըլլաք։
  4. Մի նեղացնէք ծնողները։ Անոնք չափազանց մօտ թիրախ են։ Տարածութիւնը այնքան է, որ դուք գործնականօրէն չէք կրնար վրիպիլ։
  5. Դուն երբեք աւելի լաւ ընկեր չես կրնար գտնել, քան ծնողներդ։ Միայն անոնք են որ թիկունքիդ քու մասիդ հիացական բաներ կ՝ըսեն, իսկ դէմքիդ՝ միայն բացասական բաներ։
  6. Գնահատեցէք ձեր ծնողները, քանզի անոնք միակն են, որոնք ձեզի չեն ձգեր որեւէ իրավիճակի պարագային։
  7. Միայն մեծնալով կը զգանք ծնողական խորհուրդներուն արժէքը։
  8. Երեխաներդ մի դաստիարակիր, միեւնոյնն է, անոնք քեզի պէս պիտի ըլլան. Դաստիարակէ դուն քեզ։
  9. Ընկերներդ կրնան դաւաճանել քեզ, սիրելիներդ կրնան անհաւատարիմ ըլլալ, եւ միայն ծնողներդ են, որ միշտ քեզ հետ են։
  10. Ծնողները ամենաչգնահատուած, բայց ամենաանգին բանն են այն ամէնէն, որ ընդհանրապէս կրնայ ըլլալ աշխարհի վրայ։
  11. Միայն այն ժամանակ, երբ երեխաները կը սկսին ծնողներէն առանձին ապրիլ ու իրենց իսկ միջոցներով, անոնք կը սկսին հասկնալ, որ իրենք ամենախելացին չեն, իսկ իրենց ծնողները՝ ամենայիմարները։
  12. Ընտանիքը հօր թագաւորութիւնն է, մօր աշխարհը եւ երեխայի դրախտը

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2022, 08:40