Որոնել

Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Տիմանի մէջ. «Լիբանանեան իշխանութեան համար ամօթալի է Իսրայէլի հետ սահմանագծումի ջանքեր թափել, սակայն անոր փոխարէն կառավարութեան կազմութեան առումով ճիգեր խնայել» շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ իրենք ընդվզումով եւ ցաւով կը վկայեն տեղեկատուական արշաւներ` քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ, երբ երկիրը քաղաքական անդորրի խիստ կարիքը ունի:

Ան նշեց, որ այդ ցեխարձակումներն ու վիճաբանութիւնները իրենց վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենան արդէն դժուար պայմաններու տոկացող քաղաքացիներուն հոգեկանին, երկրին տնտեսական ու ելեւմտական կայունութեան, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան եւ նախագահական ընտրութեան վրայ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութեան համար ամօթալի է Իսրայէլի հետ սահմանագծումի ջանքեր թափել, սակայն անոր փոխարէն կառավարութեան կազմութեան առումով ճիգեր խնայել: «Արդեօք լիբանանեան իշխանութեան համար աւելի դիւրի՞ն է Իսրայէլի հետ համաձայնիլ, քան լիբանանցիներուն միջեւ կառավարութեան մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:

Աղբիւր՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2022, 09:49