ՄԻԵԴ-ը մերժած է Բերձորի եւ Շրջակայ գիւղերուն վերաբերեալ Ազրպէյճանի դիմումը
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը մերժած է Բերձոր քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն վերաբերեալ Ազրպէյճանի դիմումը` արձանագրելով, որ կը բացակայի նոր միջանկեալ միջոց կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը:
Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը կը յայտնէ, որ 18 օգոստոսին Ազրպէյճանը դիմած էր ՄԻԵԴ` խնդրելով «պարտաւորեցնել Հայաստանին անմիջապէս եւ անվերապահ ստիպելու իր վերահսկողութեան տակ գտնուող ուժերուն եւ կառոյցներուն դադրեցնելու Բերձոր քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու գոյքի ոչնչացումը, ներառեալ տուներու հրկիզումը, եւ տրամադրելու տեղեկատուութիւն ձեռնարկուած միջոցառումներուն առնչութեամբ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ