Որոնել

Ուրարտական տաճար Ուրարտական տաճար 

Վանի մէջ գանձագողեր պատահաբար Ուրարտական տաճար մը գտած են

Թուրք ուրարտագէտ Էրքան Քոնիար յայտնեց, որ, հիմնուելով կառոյցը ներկայացնող տեսագրութեան տուեալներուն վրայ՝ կարելի է ենթադրել, թէ կառոյցը Ք.Ա. 7րդ դարու ուրարտական տաճար մըն է,
Ունկնդրէ լուրը

Վանի մէջ, ապօրինի գանձ որոնողեր պատահաբար 2700ամեայ ուրարտական տաճար մը գտած են, կը հաղորդէ Independent-ի թրքական ծառայութիւնը:

Ըստ աղբիւրին՝ Վանի կեդրոնէն 28 քլմ. դէպի հիւսիս-արեւմուտք գտնուող տարածքին մէջ, խումբ մը գանձագողեր 5 մեթր խորութեամբ փոս փորելէ ետք յայտնաբերած են որմնանկարներ ունեցող կառոյց մը: Գանձ որոնողները կարծած են, թէ այդ շինութիւնը եկեղեցի է եւ դիմած են Վանի թանգարանային տնօրէնութեան:

Թուրք ուրարտագէտ Էրքան Քոնիար յայտնեց, որ, հիմնուելով կառոյցը ներկայացնող տեսագրութեան տուեալներուն վրայ՝ կարելի է ենթադրել, թէ կառոյցը Ք.Ա. 7րդ դարու ուրարտական տաճար մըն է, որովհետեւ տուեալ շրջանի մօտակայքը կը գտնուի նաեւ ուրարտական արքայական ամրոցներէն մէկը:

Թուրք գիտնականը նաեւ կ՛ենթադրէ, որ այս տաճարը պէտք է նուիրուած ըլլայ ուրարտական աստուածներէն Խալտիին եւ մատնանշեց, թէ այս մեծ տաճարի որմնանկարները բաւական լաւ պահպանուած են:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2022, 08:24