Որոնել

ԵԱՀԿ-ի դրօշակը ԵԱՀԿ-ի դրօշակը 

Ողջ ժողովուրդի մը կեանքի եւ ինքնորոշման իրաւունքը կարելի չէ զոհաբերել աշխարհաքաղաքական կամ տնտեսական շահերուն. Լիլիթ Գալստեանի ելոյթը՝ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովին

Կարեւոր է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը՝ վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները՝ հիմնուած ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին վրայ։

եւոր համարելով կազմակերպութեան նպատակներն ու ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքները։ Մենք համոզուած էինք, որ մեր յանձնառութիւններն ու նպատակները կը կիսեն բոլոր անդամ երկիրները, եւ անհերքելի հեղինակութիւն ունեցող այնպիսի կազմակերպութեան մէջ, ինչպէս ԵԱՀԿ-ն է, երկակի չափանիշները տեղ չունին։ Դժբախտաբար, այս համուզումը խաթարուեցաւ, երբ առերեսուեցանք ցաւալի իրականութեան հետ․ ԵԱՀԿ-ը ի զօրու չեղաւ դատապարտելու 2020 թ․ աշնան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած յարձակումը, ուր բացայայտ էր զինեալ ահաբեկիչներու ներգրաւուածութիւնը:

ԵԱՀԿ-ը լռեց, երբ Ազրպէյճանը պատերազմական յանցագործութիւններ կ՝իրականացնէր՝ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան դէմ վարոլով ցեղական զտումներու քաղաքականութիւն, գործածելով քիմիական զէնք եւ քասեդային ռումբեր։ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագրով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կանգնեցուեցաւ անմարդկային արիւնահեղութիւնը, սակայն հակառակ ազրպէյճանական պաշտօնական շրջանակներու պնդումներուն՝ հակամարտութիւնը իր քաղաքական լուծումը չէ ստացած։ Ըստ էութեան, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրները աւելի սրուած են, եւ անոնք պակաս կարեւոր չեն, քան Արեւելեան Եւրոպայի անվտանգային խնդիրները։

Այսպէս կոչուած «խաղաղութեան դարաշրջանին» հայկական կողմը ունեցած է աւելի քան 120 զոհ։ Ազրպէյճանը տարածքային պահանջներ կը ներկայացնէ Հայաստանին, կը շարունակէ ցեղական զտումներու, մշակութային եւ պատմական յուշարձաններու իւրացման եւ ոչնչացման քաղաքականութիւնը, յարձակողական ատելութեան հռետորաբանութիւնը ընդդէմ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի։ Պէտք է պատրանք չունենալ, թէ ուժի կիրառումով կարելի է խաղաղութեան հասնիլ։

Ցանկացած համաձայնութիւն, որ կը կառուցուի ուժի կիրառութեամբ, հարկադրաբար եւ ժողովուրդի կամքին հակառակ՝ յառաջ կը բերէ նոր բախումներ ու կը ստեղծէ յարձակման հնարաւորութիւն։

Ողջ ժողովուրդի մը կեանքի եւ ինքնորոշման իրաւունքը կարելի չէ զոհաբերել աշխարհաքաղաքական կամ տնտեսական շահերուն։ Ոչ ալ կարել է այդ ժողովուրդը տարածաշրջանային կամ համաշխարհային դերակատարներու միջեւ տարաձայնութիւններու պատանդ դարձնել:

20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ դաջուած են աշխարհաքաղաքական այսպիսի շահերու սարսափելի հետեւանքները։ Այս ծիրէն ներս կարեւոր է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը՝ վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները՝ հիմնուած ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին վրայ։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2022, 07:31