Որոնել

Լորա Հոչլան Լորա Հոչլան  

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ամերիկացի նոր համանախագահը Լորա Հոչլան է

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 28 յունիսին յայտնած էր, որ նոր համանախագահը զրուցած է միւս համանախագահներուն հետ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

Միացեալ Նահանգներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր համանախագահ ունի:

«Ինչպէս պաշտօնապէս առնչակից բոլոր կողմերուն տեղեկացուցած ենք, ներկայիս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը Կովկասի եւ շրջանային տագնապներու հարցերով գրասենեակի տնօրէն Լորա Հաչլան է», «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 28 յունիսին յայտնած էր, որ նոր համանախագահը զրուցած է միւս համանախագահներուն հետ` քննարկելու  Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը այսօր խօսած է իր գործընկերներուն հետ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ապագան: Դժբախտաբար, Ռուսիոյ համանախագահը չէ ընդունած հրաւէրը: Մենք անհամբեր կը սպասենք Մինսքի խմբակի աշխատանքներու շարունակութեան», կը նշուէր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2022, 09:19