Որոնել

 Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ 175 ամեակ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ 175 ամեակ 

2022ի 1 յուլիսը՝ պատմական օր Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համար

Հանդիսութեան սկիզբը եւ աւարտին, հիւրերուն բաժանուեցան «Յոբելենական Հանդիսութեան Յուշամատեանը» եւ Հայ աւետարանականներուն վերաբերող գիրքեր:
Ունկնդրէ լուրը

1 Յուլիսին, «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամուր Պահենք Մեր Հաւատքր» խորագիրով յոբելենական հանդիսութիւն՝ նուիրուած Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ 175ամեակին:

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի եւ Արցախի պետական ու հոգեւոր այրեր, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, միջազգային, հայաստանեան եւ արցախեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր մարզերէն, արտերկրէն ու լրագրողներ:

Այստեղ էին AMAA-ի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, նախագահ Նազարէթ Տարաքճեան, Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի եւ Ֆրանսայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Յովել Միքայէլեան, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւններու նախագահներ, վեր. Ռընէ Լեւոնեան, Կալվին Սաղրեան, Փօլ Հայտոսթեան եւ Ալպերդ Փայտեան:

Հանդիսութեան սկիզբը AMAA-ի Հայաստանի մասնաճիւղի մամուլի քարտուղար Անդրանիկ Մարտոյեան ողջունեց ներկաները եւ առաջարկեց մէկ րոպէ լռութեամբ յարգել 44օրեայ պատերազմին զոհուածներու յիշատակը:

Ապա բեմ հրաւիրեց AMAA-ի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը: Շնորհաւորելով ներկաները յոբելեանի առիթով՝ ան շեշտեց. «Ոգեկոչելով Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ 175ամեակը՝ փառք կու տանք Աստուծոյ այն լուսաւորումին համար, զոր Եկեղեցին բերաւ հայ ժողովուրդին, ծնունդ առնելով անոր պատմական հայրենիքի ծոցին մէջ, անցնելով Միջին Արեւելք, ապա աշխարհածաւալ Հայկական Սփիւռք եւ վերջապէս վերադարձ մոխիրէն յառնած նորանկախ հայրենիք»:

Այնուհետեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննէսեան փոխանցեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի շնորհաւորական խօսքը, ոռուն մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուէր հետեւեալը. «Գոհունակութեամբ ենք անդրադառնում, որ Հայ աւետարանական եկեղեցիի նոր ղեկավարութեան հետ ներկայիս ձեւաւորուել են բարի յարաբերութիւններ, որոնք արդիւնաւորւում են գործակցային սերտ շփումներով: Այսօր պարտք ունենք՝ մեր ժողովրդի զաւակներին, յատկապէս մեր երկրի համար առկայ ծանր պայմաններում անկախ իրենց դաւանական տարբերութիւններից, քաջալերել եւ խրախուսել ամենայն նուիրումով ներդրում բերելու՝ հայրենիքը դժուարին իրավիճակից դուրս հանելու, նեղութիւնները յաղթահարելու եւ միասնաբար մեր ապահով ու լուսաւոր գալիքը կերտելու համար»:

Ներկաները դիտեցին նաեւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի անդամներուն շնորհաւորական ուղերձները:

Հանդիսավար Անդրանիկ Մարտոյեան ընթերցեց հատուած՝ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ.ի շնորհաւորական նամակէն հատուած մը:

Ելոյթներէն ետք տեղի ունեցաւ համերգ մը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը (գեղ. ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար՝ Վահան Մարտիրոսեան), Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը (գեղ. ղեկավար ու գլխավոր խմբավար՝ Քրիստինա Ոսկանեան), Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Ղազարոս Սարեանի անուան օփերայի «Կոմիտաս» երգչախումբը (խմբավար՝ Գայեանէ Սահակեան): Երգացանկը աւելի քան յագեցած էր եւ՝ յաւուր պատշաճի: Հնչեցին Կոմիտասի, Առնօ Բաբաջանեանի, Արմէն Սմբատեանի ստեղծագործութիւններէն հոգեւոր երգեր: Երաժշտախումբերու ելոյթները կը ղեկավարէր խմբավար, գործիքաւորող դոկտ. Վարդան Ակոբեան՝ Լիբանանէն: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Արմենակ Միսիրեանի «Աղօթք Տէրունական»ով եւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհրդի նախագահ վեր. Հովել Միքայէլեանի օրհնութեան աղօթքով:

Հանդիսութեան սկիզբը եւ աւարտին, հիւրերուն բաժանուեցան «Յոբելենական Հանդիսութեան Յուշամատեանը» եւ Հայ աւետարանականներուն վերաբերող գիրքեր:

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մասին պատմող եռամաս ֆիլմը, որուն մէջ ներկայացուած էր կազմակերպութեան հոգեւոր, կրթամշակութային ուղղուածութիւնը եւ բարեսիրական առաքելութիւնը: Ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրուեցաւ մասնաւորապէս այն փաստին վրայ, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ Կիլիկիայի մէջ գործած են 137 կազմակերպուած Աւետարանական եկեղեցիներ, եղած են 82 ձեռնադրեալ հովիւներ, 97 քարոզիչներ, եկեղեցւոյ 14 հազար հաղորդական անդամներ, 270 կիրակնօրեայ դպրոցներ, 7 քոլեճներ, 46 բարձրագոյն վարժարաններ եւ 3 աստուածաբանական ճեմարաններ: 

Ցեղասպանութենէն փրկուած 14-15 հազար հայ աւետարանականներ գաղթած են Եւրոպա, Ամերիկա, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ, ուր եւ հիմնած են Հայ աւետարանական եկեղեցիներ ու աւետարանական միութիւններ եւ շարունակած են ազգանպաստ ծառայութիւնը հայոց հոգեւոր, կրթամշակութային եւ հասարակական կեանքի այլ ոլորտներու մէջ: Անցած 175 տարիներուն աւետարանականները աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ հիմնած են կրթական հաստատութիւններ, հրատարակած բազմաթիւ պարբերականներ, ծաւալած բարեսիրական ծառայութիւններ: 1 Յուլիս 1994էն սկսեալ, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս գործելու իրաւունք ստացաւ եւ ձեռք բերաւ իրաւաբանական անձի կարգավիճակ:

Այսօր Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին Հայաստանի մէջ ունի 11 հոգիներէ բաղկացած հոգեւոր խորհուրդ, որ կը ղեկավարէ եկեղեցւոյ ընդհանուր ծառայութիւնները: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կան 23 եկեղեցիներ, 14 ձեռնադրեալ հոգեւոր հովիւներ, 9 արտօնեալ քարոզիչներ եւ հովիւներու 5 օգնականներ:

Ի դէպ, այս օրերուն Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը, Հայ աւետարանական եկեղեցին, AMAA-ը բազմաթիւ շնորհաւորական նամակներ ստացած են աշխարհի, Հայաստանի, Արցախի պետական եւ հոգեւոր կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ, որոնք իրենց բարեմաղթանքները կը յղեն Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ 175ամեայ հայանպաստ գործունէութեան առիթով եւ յոյս ունենալով, որ այսուհետեւ ալ իր վաստակով եւ փորձառութեամբ հարստացած Հայ աւետարանական եկեղեցին կը շարունակէ ծառայել հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերածնունդի սուրբ գործին:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2022, 08:18