Որոնել

Միացեալ Նահանգներ - Վիժում Միացեալ Նահանգներ - Վիժում 

ԱՄՆ-ի Գերագոյն դատարանը չեղեալ յայտարարեց վիժումի իրաւունքի վերաբերեալ դատավճիռը

Միացեալ Նահանգներու գերագոյն դատարանը չեղեալ յայտարարեց Roe v. Wade դատավճիռը, որ 1973 թուականին նոյն դատարանը օրինականացուցած է վիժումը՝ Ամերիկայի մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Նահանգներու մէջ հասարակութեան եւ տարբեր քաղաքական կարծիքներու միջեւ եւ մինչ՝ եպիսկոպոսները կը զրուցեն «պատմական օրուան» մասին, Միացեալ Նահանգներու գերագոյն դատարանը չեղեալ յայտարարեց Roe v. Wade դատավճիռը, որ 1973 թուականին նոյն դատարանը օրինականացուցած է վիժումը՝ Ամերիկայի մէջ։ Այժմ հետեւաբար առանձին պետութիւնները ազատ կը սեպուին կիրառելու իրենց օրէնքները այդ հարցին վերաբերեալ։
«Սահմանադրութիւնը վիժումի իրաւունք չի սահմաներ» նշուած է 213 էջերէ բաղկացած որոշումին մէջ՝ որդեգրուած 6 կողմ եւ 3 դէմ ձայներով։

«Վիժումը խոր բարոյական հարց կը ներկայացնէ։ Սահմանադրութիւնը չ՝արգիլեր իւրաքանչիւր նահանգներու քաղաքացիները՝ կարգաւորելու կամ արգիլելու վիժումը։

Վերոյիշեալ որոշումը կայացուած է « Dobbs v. Jackson Women's Health Organization”, կանանց կազմակերպութեան դատին մէջ, ուր դատաւորները հաստատած են Միսիսիփի օրէնքը, որ կ՝արգիլէ յղիութեան դադրեցումը 15 շաբաթ յետոյ ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2022, 10:03