Որոնել

Մինսքի մէջ՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազներու հանդիպումը Մինսքի մէջ՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազներու հանդիպումը 

Մինսքի մէջ՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազներու հանդիպումը

Հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ շարունակել բանակցութիւնները` մարդասիրական հարցերը սեղմ ժամկէտներու ընթացքին լուծելու նպատակով։

Ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ՝ Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազներ` Արթուր Դաւթեանի, Քեամրան Ալիեւի եւ Իկոր Քրասնովի եռակողմ հանդիպումը:

Քննարկուեցան երեք երկիրներու դատախազութիւններու իրաւասութիւններու ծիրին մէջ 44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք յառաջացած եւ տակաւին գոյութիւն ունեցող մարդասիրական-իրաւական հիմնահարցերու լուծման նոր կարելիութիւններ գտնելու, 2021ին նոյն ձեւաչափով տեղի ունեցած երկու նախորդ հանդիպումներուն օրակարգային առանձին հարցերուն շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերող հարցեր։ Այս մասին կը հաղորդէ հայկական կողմը:

Ատրպէյճանական կողմը կ՛աւելցնէ, որ դատախազները քննարկեցին երեք երկիրներու ղեկավարներու ստորագրած յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը:

Հայաստանի գլխաւոր դատախազը նշեց, որ, հակառակ նախորդ եռակողմ հանդիպումներուն հայ-ատրպէյճանական զինուած ուժերու շփման գօտիին մէջ միջադէպերու, անոնց առթիւ կատարուող քննութիւններու վերաբերեալ կողմերուն միջեւ գետնի վրայ տեղեկատուութեան միջնորդաւորուած փոխանակման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` զինադադարի յանցաւոր խախտումները կը շարունակուին, անոնք կը պատճառեն մարդկային կորուստներ, խաղաղ բնակչութեան համար կը ստեղծեն կենսական իրաւունքներու եւ ապահովական նոր սպառնալիքներ:

Ըստ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան` Քեամրան Ալիեւ անդրադարձաւ «ղարաբաղեան պատերազմներէն ետք անյայտ կորսուածներու որոնման միացեալ ջանքերու կարեւորութեան, ընդգծուեցաւ ականապատ դաշտերու քարտէսներու տրամադրման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղ անօրինական ուղեւորութիւններու անթոյլատրելիութիւնը»:

Նշենք, որ դատախազ Արթուր Դաւթեան 8 Յունիսին այցելած էր Արցախ, ինչ որ յարուցած էր Պաքուի դժգոհութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին Քեամրան Ալիեւ նշեց, որ Պաքու ամբողջութեամբ կը կատարէ 10 Նոյեմբեր  2020ի եռակողմ յայտարարութիւնը, սակայն Արթուր Դաւթեան լուսարձակի տակ առաւ յատկապէս այդ յայտարարութեան 8րդ կէտի անկատար մնալու հանգամանքը: Ան նշեց, որ անհիմն կերպով Ատրպէյճանի մէջ պահուող` ատրպէյճանական կողմէ հաստատուած 38 անձերու շուտափոյթ վերադարձը առանցքային նշանակութիւն ունի կողմերուն միջեւ վստահութեան վերականգնման, տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման եւ ապահովութեան երաշխիքներու ձեւաւորման համար` յատուկ կերպով ընդգծելով եռակողմ յայտարարութեան մարդկային պահանջները հայկական կողմէ ամբողջութեամբ կատարուած ըլլալու հանգամանքը:

Հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ շարունակել բանակցութիւնները` մարդասիրական հարցերը սեղմ ժամկէտներու ընթացքին լուծելու նպատակով։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2022, 09:00