Որոնել

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Արցախցի ղեկավարներու Հետ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Արցախցի ղեկավարներու Հետ 

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հանդիպեցաւ Արցախցի ղեկավարներու Հետ

Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց Արցախի իշխանութիւններուն՝ եկեղեցւոյ նկատմամբ դրսեւորած հոգատար վերաբերումին համար:
Ունկնդրէ լուրը

23 Յունիսին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը՝ ընկերակցութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի:  

Կաթողիկոսը եւ Արցախի պետական նախարարը քննարկեցին ներկայ պայմաններուն մէջ արցախահայութեան դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները եւ 44օրեայ պատերազմի արդիւնքները յաղթահարելուն վերաբերող քայլերը: Այս առումով կարեւոր նկատուեցաւ համազգային ներուժի եւ ջանքերու մէկտեղումը` իբրեւ զօրակցութիւն Արցախի ժողովուրդին:

 Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման հարցերուն եւ Արցախ–Սփիւռք կապերուն:

 Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց Արցախի իշխանութիւններուն՝ եկեղեցւոյ նկատմամբ դրսեւորած հոգատար վերաբերումին համար:

 Հանդիպման աւարտին Բեգլարեան շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկոսին՝ պատերազմին ընթացքին եւ յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին Մայր Աթոռին եւ անոր աշխարհասփիւռ թեմերուն` Արցախին բերած զօրակցութեան համար:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2022, 09:05