Որոնել

TJbGsf7Bc1Wb2Ht5C0HGaem.jpg

«Հայաստան» Հիմնադրամի միջոցներով 2021ին Արցախի մէջ իրականացան 80 միլիոն տոլարի ծրագիրներ

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան ներկայացուց 2021ի գործունէութեան մասին հաշուետուութիւն՝ յատկապէս շեշտելով, որ անխտիր իրականութիւն դարձան Արցախի մէջ սկիզբ դրուած 80 միլիոն տոլար արժէքով 43 մեծածաւալ ծրագիրները, որոնց մէկ մասը արդէն ամբողջացաւ, իսկ ուրիշներ աւարտական փուլին մէջ են:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 31րդ հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 25 Յունիսին՝ Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներուն ու Հայաստանի վարչապետին մասնակցութեամբ:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան ներկայացուց 2021ի գործունէութեան մասին  հաշուետուութիւն՝ յատկապէս շեշտելով, որ անխտիր իրականութիւն դարձան Արցախի մէջ սկիզբ դրուած 80 միլիոն տոլար արժէքով 43 մեծածաւալ ծրագիրները, որոնց մէկ մասը արդէն ամբողջացաւ, իսկ ուրիշներ աւարտական փուլին մէջ են:

Արշամեան նախ ընդգծեց, որ 2021ը լի էր բազմաթիւ մարտահրաւէրներով, եւ 44օրեայ պատերազմի ծանր արդիւնքները մեծ մասամբ կը մնան չյաղթահարուած: 

«Հիմնադրամը, որպէս  համահայկական ազգային կառոյց, իր աշխարհասփիւռ ցանցով առաջին իսկ օրուանից այդ խնդիրների լուծման առաջնագծում էր: Հայաստան-Սփիւռք կառուցողական համագործակցութեան շնորհիւ այն իր առջեւ դրեց հեռուն գնացող համարձակ նպատակներ՝ բազմաբնոյթ կենսական ծրագրեր իրականացնելով Հայաստանում եւ Արցախում, նաեւ՝ Սփիւռքում: Տարիներ շարունակ Հիմնադրամի կողմից իրականացուող հիմնական ծրագրերը սկսեցին կրել էլ աւելի մեծածաւալ բնոյթ եւ ներկայացան նոր ձեւաչափով՝ ընդգրկելով այնպիսի ոլորտներ, ինչպիսիք են առողջապահութիւնը, հումանիտար (մարդասիրական) օգնութեան տրամադրումը, սոցիալական (ընկերային) աջակցութիւնը, կրթութիւնը, ենթակառուցուածքների վերականգնումն ու զարգացումը եւ այլն: Աննախադէպ թափ առաւ նաեւ Արցախում իրականացուող բնակարանաշինութիւնը», դիտել տուաւ Արշամեան:

Ընդհանուր առմամբ, 2021ին իրականացուեցան առաւել քան 70 ծրագիրներ, որոնց մէկ մասը երկարաժամկէտ է եւ կը շարունակուին 2022ին, մէկ մասն ալ պիտի աւարտի 2023ին:

Հիմնադրամին՝ 2021ին կազմակերպած հեռուստամարաթոնին հաւաքուեցաւ 12 միլիոն 351 հազար տոլար՝ աշխարհի բոլոր անկիւններէն: «Դրանով հիմնադրամը կ՛ապահովի թէ՛  ծրագրային ճկունութիւնը եւ թէ իր ուշադրութեան կենտրոնում կը պահի Հայաստանի սահմանային համայնքները, ինչպէս նաեւ՝ Արցախը», հաստատեց Արշամեան՝ աւելցնելով.

««Հայաստան» հիմնադրամը, առողջապահութեան ոլորտում համագործակցելով Արաբկիր եւ Կոշ վերականգնողական կենտրոնների, ինչպէս նաեւ՝ «Զինուորի տան» հետ, բնականոն կեանք է վերադարձրել եւ վերադարձնում պատերազմի ժամանակ վիրաւորում ստացած հարիւրաւոր զինծառայողների՝ ապահովելով նրանց ֆիզիքական եւ հոգեբանական վերականգնումը: Հիմնադրամը նաեւ պատերազմի տուժած զինուորներին եւ նրանց ընտանիքներին հնարաւորութիւն է ընձեռել մասնագիտանալու ՏՏ եւ այլ մասնագիտութիւնների ոլորտներում՝ ապահովելով նրանց աշխատանքի ընդունումը»:

Հիմնադրամը նաեւ ջրամատակարարման ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուց ջրատարներու կառուցում 8 համայնքներու մէջ՝ ընդհանուր առմամբ 97.5 քիլոմեթր երկարութեամբ՝ համայնքի բնակիչները ապահովելով շուրջօրեայ խմելու եւ ոռոգման ջուրով: Արեւային ուժանիւթի ծրագիրներու ծիրին մէջ, Սիւնիքի սահմանամերձ համայնքներուն՝ Շուռնուխի, Արաւուսի, Դաւիթ Բէկի, Խոզնավարի մէջ բնակելի տուներուն տանիքներուն տեղադրուեցան արեւային ջրատաքացուցիչներ:

Ճանապարհաշինութեան ոլորտին մէջ, հիմնադրամը Արցախի մէջ վերակառուցեց եւ հիմնովին նորոգեց առաւել կենսական տարածքները իրարու կապող արաւել քան 50 քիլոմեթր մայրուղի:

Հիմնադրամի ուշադրութեան կեդրոնը մնաց նաեւ դպրոցաշինութեան բնագաւառը՝ թէ՛ Արցախի եւ թէ Սիւնիքի մէջ յատկապէս:

Բնակարանաշինութեան ծիրին մէջ, բնակելի համալիրներ եւ թաղամասեր կառուցուեցան Արցախի մէջ՝ Ստեփանակերտի Թումանեան, Տիգրան Մեծ փողոցներուն, Ասկերանի շրջանի Աջափնեակ, Իւանեան եւ Յովսէփական համայնքներուն մէջ: Այդ ձեւով բնակարաններով պիտի ապահովուին շուրջ 1063 ընտանիքներ: Հայաստանի մէջ, Գիւմրիի Մուշ 2 թաղամասին մէջ կառուցուած են երկու բնակարանային համալիրներ՝ նախատեսուած 36 ընտանիքներու համար. անոր շահառուները 1988ի աղէտէն տուժած տնակային աւաններու մէջ բնակող բազմազաւակ, ընկերային առումով անապահով, նաեւ վերջին պատերազմին ընթացքին զոհուած անձերու ընտանիքներն են: Նոյն թաղամասին մէջ արդէն սկսած են եւս 2 շէնքերու կառուցման աշխատանքները՝ նախատեսուած 60 ընտանիքներու համար:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեան շեշտեց, որ հիմնադրամը իրաւամբ համահայկական այն կառոյցն է, որ հաւանաբար չունի իր նմանը՝ ո՛չ իր բովանդակութեամբ, ո՛չ ալ իր կազմակերպչական ձեւով:

Ան շեշտեց, որ անիկա պէտք է զերծ մնայ որեւէ քաղաքական միտումէ, նախընտրութենէ կամ ազդեցութենէ: «Ուստի, հարկ չկայ անգամ շեշտելու, որ հիմնադրամի խորհրդի անդամներն ու ամբողջ աշխատակազմը պէտք է ջանք ու եռանդ չխնայեն, որպէսզի այն զերծ լինի որեւէ քաղաքական շահարկումից կամ կասկածներից: Նաեւ այս պատճառով է, որ բոլորս պէտք է երաշխաւորենք հիմնադրամի թափանցիկ, հաշուետու եւ հրապարակային աշխատելաոճը», ըսաւ Խաչատրեան:

Այս նպատակը կեանքի կոչելու համար Խաչատրեան կ՛ակնկալէ, որ մինչեւ ընթացիկ ամսուան վերջաւորութեան պատրաստ կը դառնայ Հաշուեքննիչ պալատի համապատասխան ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները:

Աղբիւրը` Ասպարէզ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2022, 09:04