Որոնել

Եւրոպական միութեան դրօշակը Եւրոպական միութեան դրօշակը 

Եւրոպական խորհուրդը Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային շնորհած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի իր կարգին ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարեց. «Պատրաստ ենք յառաջիկայ ամիսներուն վճռականութեամբ աշխատելու` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու համար»:

Եւրոպական խորհուրդը հինգշաբթի, 23 յունիսի երեկոյեան, Ուքրանիոյ շնորհած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու թեկնածուի կարգավիճակ: Նոյն կարգավիճակը ստացած է Մոլտովան: Այս մասին կեցուածքը Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ընթացքին միաձայնութեամբ պաշտպանած են Եւրոպական Միութեան բոլոր ղեկավարները: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնեց Լիւքսամպուրկի վարչապետ Քզավիէ Պեթել:

«Եւրոպական խորհուրդը թեկնածու երկրի կարգավիճակ շնորհեց Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային: Պատմական պահ եւ յոյսի ազդանշան` ուքրանացի ժողովուրդին», գրած է Պեթել:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարները յայտնեցին, որ Վրաստան պաշտօնապէս անդամակցութեան թեկնածու պետութիւն կրնայ ըլլալ միայն առկախ առաջնահերթութիւններու լուծումէն ետք:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ողջունեց Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարներու Որոշումը: «Ասիկա եզակի եւ պատմական պահ է Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն մէջ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց ան:

Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտու իր կարգին յայտնեց, որ «ասիկա Մոլտովայի համար պատմական օր է»` նշելով. «Պիտի սկսինք դէպի Եւրոպական Միութիւն ճամբան, որ Մոլտովայի բնակիչներուն բարեկեցութիւն պիտի բերէ, յաւելեալ առիթներ ապահովէ եւ երկրին մէջ աւելի լաւ կարգ մը երաշխաւորէ»:

«Դժուար ճամբայ մը ունինք կտրելիք, որ ծանր աշխատանք ու մեծ ջանք պիտի պահանջէ, եւ մենք պատրաստ ենք միասնաբար ատիկա կատարելու` մեր քաղաքացիներուն աւելի լաւ ապագայ մը երաշխաւորելու համար», ընկերային ցանցերու վրայ գրեց Սանտու:

«Մոլտովան ունի ապագայ մը` Եւրոպական Միութեան մէջ», շեշտեց Մոլտովայի նախագահը:

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի իր կարգին ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարեց. «Պատրաստ ենք յառաջիկայ ամիսներուն վճռականութեամբ աշխատելու` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2022, 09:27