Որոնել

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ ՄԵԾԱՏՈՒՐԵԱՆ ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ ՄԵԾԱՏՈՒՐԵԱՆ 

Հաղորդաշար` նուիրուած Հայկական Գրականութեան (10) - ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ ՄԵԾԱՏՈՒՐԵԱՆ (1886 - 1908) - Ա

Խորհրդածել մահուան մասին եւ անտրտունջ ընդունիլ զայն: Իր ամբողջութեան մէջ այսպէս կարելի է բնութագրել Մ. Մեծարենցի վաղանցուկ կեանքն ու իր բազմաբովանդակ գրական վաստակը:
Ունկնդրէ լուրը

1886 Յունուար, Ակնայ շրջանի Բինկեան գիւղը

1908 Յուլիս 5, Պոլիս, Պալըքլի գերեզմանատունը

Մեծարենցի վերջին հրաժեշտը յուզիչ է ու եղերական: Կ’երթայ մահուան անվրդով ու գիտակցութեամբ: Մեռնելէ քանի մը ժամ առաջ իր նստարանին տակէն ան վերցնել կու տայ գիրքերը, որոնք այդ պահուն անհանգիստ կ’ընէին զինք, յետոյ կ’ըսէ` «Մա՛յր, նստիմ քիչ մը», ու կը բարձրանայ քովնտի դեղերը խմելու, մնացած դեղերը յաջորդ օրուայ չձգելու համար: Պահ մը անոնց ազդեցութեան տակ աշխոյժ կը զգայ ու կը խնդրէ մօրմէն զինքը հագցնել: Սակայն շուտով կը յաջորդէ հանդարտութիւնը վերջնական կենագրաւ...

Հոգեվարքի կը սկսի աքաղաղներու կանչէն պահ մը առաջ. Շաբաթէն Կիրակի լուսցող գիշերը (Յուլիս 4), երբ Միսաք կը խնդրէ մօրմէն առանձին թողուլ զինքը. «Մա՛յր, միւս սենեակը... հանգստացիր... կը հատնի սիրտս... կը կանչեմ, երկո՛ւր...»: Ու մայրը մինչ արցունք կը թափէր դուրսը հողին վրայ, դրան բացուածքէն կ’իմանայ մահամերձին երեք անգամ հազալը ու «Մա՛յր», հոգի տուած է արդէն:

Թորոս Մ. Ազատեան տեղեկութիւնները ստացած է Մեծարենցի մօրմէն` Իսկուհի Մեծատուրեանէն:

Խորհրդածել մահուան մասին եւ անտրտունջ ընդունիլ զայն: Իր ամբողջութեան մէջ այսպէս կարելի է բնութագրել Մ. Մեծարենցի վաղանցուկ կեանքն ու իր բազմաբովանդակ գրական վաստակը:

Իր տարիքին անհամապատասխան զսպուածութեամբ Մեծարենց դիմակայելով հիւանդութիւնը` կրցած է ներքին հայեցողութեամբ յաղթահարել զայն: Ան պարզապէս խորասուզուելով ինքն իր անձին մէջ` կրցած է գտնել իր ինքնութիւնն ու յայտնաբերել իր մշտնջենականութեան գաղտնիքը:

Վերջին անգա՛մ մըն ալ,

Դեռ իրիկո՛ւն չեղած

Ուր դեռ տամուկ գիշերին վըհուկը զիս չընդգրկած,

Փարէ՛ հոգւոյս խանդաբորբ ու կաթոգին, Հիւա՛նդ եմ, բարի՛ արեւ, շողա՛, շողա՛..:

Ներքին հայեցողութեան շնորհիւ Մեծարենց կրցած է թափանցել բնութեան` սովորական մահկանացուներու համար անմատչելի բնազանցական կողմը, որուն շնորհիւ հեռանալով աշխարհիկ իր տխուր ու հիւանդագին կեանքէն` մօտեցած է կատարելութեան` Աստուածայինին, որ իր ցայտուն արտացոլումը գտած է Մեծարենցի «Ծիածան» եւ «Նոր Տաղեր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուներուն մէջ: Այդ գործերուն մէջ բանաստեղծին աշխարհը խիստ առնչութեան մէջ է առաւել ընդգրկուն եւ առաւել ընդարձակ աշխարհի համընդհանուր տիեզերքի, ընդհուպ մինչեւ Արարիչին հետ: Իբրեւ խորհրդապաշտ գրող` անոր ներաշխարհը լեցուն է թափանցիկ խորհրդանիշերով որոնց միջոցով ան հասած է անոնց ներքին հոգեբանութեան բացայայտման:

Մեծարենցի լեզուն համաչափ է, հեզասահ ու մեղեդայնութեամբ յագեցած: Արեւմտահայ գրականութեան մէջ, ան առաջինն է, որ բանաստեղծութիւնը երաժշտութեան վերածեց: Ի տարբերութիւն վիպապաշտներուն, որոնց համար առաջնայինը զգացմունքներն են եւ զգայնականութիւնը, Մեծարենցի համար էականը ստեղծագործական լեզուի գեղեցկութիւնն է: Իր լսատեսողական անզուգական գործերուն մէջ ան հասած է այնպիսի կատարելութեան, որուն երբեւէ հայ բանաստեղծ հասած ըլլայ:

«Ահաւասիկ պատանի մը, որ արփեգնաց էութեան խռովանքն ու ըղձանքները կ’երգէ բուռ մը տաղերու մէջ եւ այդ տաղերը մեծ մասամբ գեղեցիկ եւ դիւթիչ են, ազնուազգի շղարշներու նրբին ու հրաշարուեստ հիւսուածքն ունին. անոնց ոսկեհուռ` յաճախ մարգարտայեռ տողերէն անձկալից հոգիի մը անդրանիկ ցոլքերը կը խօսին, կը վառվռին, գործուած ադամանդի մը երեսնակներուն պէս այնքան պայծառութեամբ կը շողան, որ ինծի կը թուի, թէ գարնան աղուոր առտու մը արեւին զարթնումին հանդիսատես կ’ըլլամ...»:

Ա. ԱՆՏՈՆԵԱՆ

Տրամադրութիւնները հոգեվիճակներ կը ստեղծեն: Այդ իսկ պատճառով Մեծարենց, երբ կը գրէ իր լուսաւոր զգացումներուն մասին, հոն երաժշտութիւնը մեղմ է. իսկ երբ կը գրէ յուսահատութեան մասին, ապա երաժշտութիւնը առաւել ծանր է: Տեսողական ու լսողական այդ գործերուն մէջ, հզօր երաժշտութեան կողքին, առկայ են նաեւ միտքեր, գաղափարներ, զգացումներ, գիտելիքներ: Բանաստեղծութիւններուն մէջ կատարեալ ներդաշնակ փոխ յարաբերութեան մէջ են ձեւն ու բովանդակութիւնը: Ինչ որ գրած է, կատարելութիւն է:

Հաղորդաշարը պատրաստած են` Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանը եւ Սօսէ Փիլաւճեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2022, 08:11