Որոնել

FEI-ի փորձագէտ Փիեռ-Իվ  այցելութիւնը Մեսրոպեան վարժարան FEI-ի փորձագէտ Փիեռ-Իվ այցելութիւնը Մեսրոպեան վարժարան 

FEI-ի փորձագէտ Փիեռ-Իվ Ռու հաստատեց LABEL FRANCEDUCATION-ի որակի բարձրամակարդակ պահպանումը Մեսրոպեանի մէջ

France Education International-ի աւագ փորձագէտը չպահեց իր հիացմունքը ի տես Մեսրոպեանի մէջ LABEL FRANCEDUCATION-ի որակի բարձրամակարդակ պահպանման:

Մայիս 18 2022-ին աշխատանքային այցելութեամբ մը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան ժամանեց France Education International-ի փորձագէտ պարոն Փիեռ-Իվ Ռու: Այցելութեան նպատակն էր Մեսրոպեանի տեսչա-կրթական անձնակազմին հետ արժեւորումը կատարել անցեալ մէկ տարուան ընթացքին LABEL FRANCEDUCATION-ի շրջանակին մէջ կատարուած աշխատանքներուն, ծանօթանալ առկայ խնդիրերուն եւ աջակցութիւն ցուցաբերել հետագայ աշխատանքներուն ուղղութեամբ:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ Տեսչա-կրթական անձնակազմին հետ հանդիպումին ընթացքին, վարժարանի պատասխանատուները պարոն Փիեռ-Իվ Ռուին ծանօթացուցին LABEL FRANCEDUCATION –ի շրջանակին մէջ ձեռք բերուած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին յառաջիկայ տարուան առաջնահերթութիւններն ու գործողութիւններու  բազմամեայ ծրագիրին նախագիծը:

France Education International-ի աւագ փորձագէտը չպահեց իր հիացմունքը ի տես Մեսրոպեանի մէջ LABEL FRANCEDUCATION-ի որակի բարձրամակարդակ պահպանման: Ան անգամ մը եւս հաւաստիացուց, որ France Education International-ը ամրօրէն կը կանգնի այս վարժարանին կողքին՝ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը կայուն դարձնելու նպատակով:

Այս առիթով, պարոն Փիեռ-Իվ Ռու շրջայց մը կատարեց Մեսրոպեանի զանազան բաժանմունքներ եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ անոնց գործունէութեան:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2022, 08:50