Որոնել

1652890145299.jpg

Լիբանան. Երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք` Երկիրը դէպի քաո՞ս

Կառավարութիւնը ուրբաթ, 20 մայիսին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր վերջին նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Լիբանանի մէջ տիրող մթնոլորտը անհանգիստ է եւ մտահոգիչ: Առաւօտեան ուշ ժամերուն սկսած վառելանիւթի տագնապը պատճառ դարձաւ, որ վառելանիւթի կայարաններուն դիմաց ինքնաշարժներուն հերթերը վերստին ի յայտ գան:

Միւս կողմէ, ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին փոխարժէքը բարձրացաւ 31.000-ի, ապա նուազեցաւ 30.500-ի:

Աւելի ուշ փուռերու սեփականատէրերու սենտիքան յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ հացի տագնապ կրնայ ծագիլ, անկախ այն իրողութենէն, որ հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Նապաթիէի եւ Սայտայի, հացի տագնապը արդէն իսկ սկսած էր:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին կարգ մը ցուցարարներ փակեցին Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթ տանող ճամբաները եւ ժամ մը ետք նաեւ Ռինկի կամուրջը:

Շուրջ ժամը 8:00-ին, հանրային փոխադրութեան մարզի ինքնաշարժներուն վարորդները փակեցին ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին փողոցը:

Նշենք, որ կառավարութիւնը ուրբաթ, 20 մայիսին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր վերջին նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Պէտք է աւելցնել, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ եւ անոր առողջութիւն մաղթեց:

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Առիթով Արաբական Եւ Միջազգային Ընտանիքը Կը Շարունակէ Շնորհաւորել Լիբանանը

Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կատարուիլը շնորհաւորեց նաեւ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմի, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ:

Քազիմի հաստատեց, որ Իրաք կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութեան նաւթ տրամադրել:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրուատեց ընտրութիւններուն կայացումը` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, սակայն ցաւ յայտնեց արձանագրուած բացթողումներուն համար եւ մաղթեց, որ անոնց վերաբերող ճշմարտութիւնը բացայայտուի:

Ֆրանսա կոչ ուղղեց անյապաղ նոր կառավարութիւն կազմելու` աւելցնելով, որ Փարիզ պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին:

Լիբանանի մէջ բրիտանական դեսպանատունը ողջունեց երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը եւ կոչ ուղղեց խորհրդարանին կազմելու կառավարութիւն մը` գործադրելու համար բարեկարգումները:

Դեսպանատան շնորհաւորագիրին մէջ հաստատուեցաւ, որ Բրիտանիա պատրաստ է օժանդակելու լիբանանցիներուն:

Արաբական խորհրդարանը իր կարգին շնորհաւորեց երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը եւ անհրաժեշտ նկատեց ազգային կառավարութեան մը կազմութիւնը` բարելաւելու համար երկրին տնտեսական իրավիճակը:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ իր կարգին շնորհաւորեց լիբանանցիները` ընտրութիւններուն կայացման առիթով:

Ան մաղթեց, որ ընտրութիւնները ըլլան դրական քայլ մը` սրբագրելու համար երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական կացութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2022, 08:57