Որոնել

1652634812255.jpg

Լիբանան. Ձայներու հաշուարկը այս գիշեր պիտի ըլլայ. Նախարար Մաուլաուի

Մաուլաուի յայտնած է, որ քուէներու հաշուարկը տեղի պիտի ունենայ գիշերը այն դատաւորներուն հետ, որոնք շրջապատուած պիտի ըլլան հարկ եղած ապահովական միջոցառումներով:

Ժամեր առաջ փակուեցան Լիբանանի  2022 տարուան Խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան կեդրոնները։

Ինչպէս նախօրօք ալ նշած էինք, այսօր ամբողջ գիշեր  տեղի պիտի ունենայ  քուէներու հաշւումը եւ այս մասին ալ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած էր Լիբանանի  ներքին գործոց նախարար  Պասսամ Մաուլաուի։ 

Չորս տարին անգամ տեղի ունեցող ընտրութիւնները կարեւոր կը համարուէին այն առումով, որ շրջանային  ուժեր մեծ գրաւ դրած էին  ընտրութիւններուն վրայ, որոնք ըստ այդ ուժերուն բաւարար ներուժ պիտի ունենային երկրի քաղաքական վերնախաւին մէջ  փոփոխութիւններ իրականացնելու։

Այս ընտրութիւններու ամէնէն ուղենշայինը եղաւ այն, որ  մասնակցութեան թիւերը եղան բաւական թոյլ, հակառակ անոր, որ անցնող ամիսներու  մասնաւորապէս  ընդդիմադիր շրջանակներ բոլոր կարելի միջոցները գործի դրած էին  ընտրական «ցունամի» մը պատրաստելու համար, սակայն ըստ երեւոյթին  այդ «սպասում»ները պիտի չիրականան եւ ատոր մէջ գլխաւոր պատասխանատուն պիտի ըլլան այն քաղաքացիները, որոնց համար ընտրութիւնները համարուեցան մեծ հաշուով անկարեւոր։

Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող խորհրդարանական ընտրութիւններուն առումով, ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի ըսած է, որ ինք թափանցիկ է բոլոր դիտարկումներով։

Մաուլաուի յայտնած է, որ քուէներու հաշուարկը տեղի պիտի ունենայ գիշերը այն դատաւորներուն հետ, որոնք շրջապատուած պիտի ըլլան հարկ եղած ապահովական միջոցառումներով: Արդիւնքը պիտի յայտարարուի հնարաւորինս արագ: Մեզի ելեկտրականութիւն պէտք չէ առաւօտեան, զայն պահեցինք գիշերուայ ժամերուն համար»:

Մաուլաուի ըսաւ, որ ժամը 7-ին դռները պիտի փակուին, եւ բոլոր միայն անոնք, որոնք այդ ժամուն ներսն են, անոնք կրնան քուէարկել:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2022, 09:45