Որոնել

Լիբանանի մէջ վառելանիւթի տագնապ Լիբանանի մէջ վառելանիւթի տագնապ 

Հացն ու վառելանիւթը դարձեալ կը սղին, իսկ կառավարութիւնը այսօր կը գումարէ իր վերջին նիստը

Վառելանիւթի սակին սղաճը իր ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ալիւրի արտադրութեան վրայ, ինչ որ իր կարգին կ՛ազդէ հացի պատրաստութեան ծախսերուն վրայ:

Լիբանանցի քաղաքացիները, որոնք նախանցեալ օրուընէ սկսեալ հաց կը փնտռէին, երէկ շարունակեցին որոնումի այդ աշխատանքը, ինչ որ շահագործողները մղեց ստեղծելու նաեւ հացի վաճառքի սեւ շուկայ մը` մէկ կապ արաբական հացին սակը հասցնելով 30.000 լ. ոսկիի:

Աւելի ուշ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը հրապարակեց արաբական հացի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` պզտիկ չափի հացի կապին (388 կրամ) սակը սղեցաւ 8000 լ. ոսկիի, միջակը (855 կրամ) դարձաւ 13.000 լ. ոսկի, իսկ մեծը` (1095 կրամ) դարձաւ 16.000 լ. ոսկի:

Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ վառելանիւթի սակին սղաճը իր ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ալիւրի արտադրութեան վրայ, ինչ որ իր կարգին կ՛ազդէ հացի պատրաստութեան ծախսերուն վրայ:

Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս բոլորին կողքին կայ նաեւ ցորենի արձանագրած սղաճը միջազգային առումով, որ հետեւանք է Ուքրանիոյ տագնապին:

Միւս կողմէ, վառելանիւթը իր կարգին արձանագրեց նոր սղաճ:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած նոր սակացոյցին համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 17.000 լ. ոսկիով, մազութը` 65.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 33.000 լ. ոսկիով:

Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 559.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 569.000 լ. ոսկի, մազութը` 680.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 408.000 լ. ոսկի:

Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր վերջին նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վրայ գտնուող ամէնէն հրատապ հարցը պիտի ըլլայ հաղորդակցութեան միջոցներու թղթածրարը:

Այս իմաստով հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ երէկ յայտնեց, որ կառավարութեան գումարելիք նիստը վերջին առիթն է կասեցնելու հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին փլուզումը:

«Հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին փրկութիւնը պիտի ըլլայ «Օժերօ»-ին ընդմէջէն հաղորդակցութեան միջոցներուն սակին տրամաբանական բարձրացումի շեմ մը ճշդելով: Նոյնը պէտք է գործադրել նաեւ բջիջային հեռաձայնի եւ համացանցի ծառայութեան սակերուն պարագային», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր առաջարկին նկատի չառնուելուն պարագային, պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը:

Քըրըմ յայտնեց, որ կառավարութեան որոշումով վերջ պիտի դրուի 2G-ի դրութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ 42 միլիոն տոլար խնայել:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2022, 08:39