Որոնել

1653350710178.jpg

Երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք Լիբանան տակաւին կը գտնուի մութ փապուղիի մէջ

Մինչ խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան օրակարգը կը մնայ բարձր կրակի վրայ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Երեսփոխանական ընտրութիւններէն տասը օր ետք Լիբանանի մէջ ամէն բան տակաւին կը մնայ անորոշ:

Ամերիկեան տոլարի սակին հետզհետէ բարձրացումը կը տագնապեցնէ քաղաքացիները, իսկ երկիրը տակաւին կը գտնուի մութ փապուղիի մէջ:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Քուէյթի գահաժառանգ իշխան Մաշաալ Ահմետ Ժապեր Սապահի կողմէ շնորհաւորութեան արժանացաւ` երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջողութեամբ կայացումին առիթով:

Սապահ իշխան իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց նախագահ Աունին, Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` յոյս յայտնելով, որ երկիրը կը մնայ կայուն, ապահով եւ յաւելեալ բարգաւաճում կ՛արձանագրէ:

Նշենք, որ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորագիր մը ստացաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն:

Նախագահ Ասատ շնորհաւորեց 22 տարի առաջ Լիբանանի մէջ արձանագրուած յաղթանակը, որ պատմական իրադարձութիւն մըն է` նկատի ունենալով, որ անիկա Լիբանանին վերադարձուց իր իրաւունքները եւ ձախողեցուց իսրայէլեան բռնագրաւումին դաւադրութիւնները:

«Յաղթանակը փաստեց Դիմադրութեան ընտրանքը որդեգրելու ճշգրտութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա բնական իրաւունք է իր գերիշխանութիւնը ոտնձգութեան ենթարկուող որեւէ ժողովուրդի համար», շեշտեց նախագահ Ասատ իր հեռագիրին մէջ:

Խորհրդարանի Նախագահի
Ընտրութիւն

Մինչ խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան օրակարգը կը մնայ բարձր կրակի վրայ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ նախնական տուեալներով, Պըրրի խորհրդարանը լիագումար նիստի պիտի հրաւիրէ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին կամ շաբաթավերջին:

Այս շրջագիծին մէջ «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Պըրրիի վերընտրութիւնը արդէն իսկ ապահովուած է` նկատի ունենալով, որ ան ցարդ ի նպաստ իրեն 60 հաստատ քուէ ունի, ինչպէս նաեւ անկախ երեսփոխաններէն եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքէն ստանալիք քուէները:

Հարիրի – Իպրահիմ Հանդիպում

Պէտք է աւելցնել, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ կը գտնուի Ուաշինկթըն` հանդիպումներ ունենալու ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ, հանդիպում մը ունեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որ ընտանեկան այցելութեամբ մը կը գտնուէր Ուաշինկթըն:

Ապպաս Իպրահիմ ամերիկացի պետական պատասխանատուներու հետ իր ունենալիք հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկէ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2022, 08:03