Որոնել

AFM_UNESCO_82521.jpeg

ԵՈՒՆԵՍՔՕի միջամտութիւնը՝ Արցախի հայկական յուշարձանները պահպանելու նպատակով հրատապ է

Ընդգծուեցաւ, որ առաւել քան 2000 հայկական մշակութային կառոյցները եւ 21,000 թանգարանային ցուցանմոյշներու ամբողջական ոչնչացման լուրջ վտանգ կայ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 26 Մայիսին ընդունեց Հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային դաշինքի (ԱԼԻՖ) գործադիր տնօրէն Վալերի Ֆրելանը, որ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին հետ:

Միրզոյեան յայտնեց, որ 44օրեայ պատերազմին պատճառով, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումէ ու ինքնութեան խեղաթիւրումէ պաշտպանութիւնը կը հանդիսանան Հայաստանի առաջնահերթ հարցերէն:

Ընդգծուեցաւ, որ առաւել քան 2000 հայկական մշակութային կառոյցները եւ 21,000 թանգարանային ցուցանմոյշներու ամբողջական ոչնչացման լուրջ վտանգ կայ:

Հայկական կողմը շեշտեց, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ առաւել հրատապ կը դառնայ միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի անյապաղ միջամտութիւնը եւ տեղւոյն վրայ անխոչընդոտ ներգրաւուածութիւնը՝ համամարդկային մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող Արցախի հայկական յուշարձանները պահպանելու եւ վանտալիզմի շարունակուող դէպքերը կանխելու նպատակով:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ԱԼԻՖի՝ Տաւուշի եւ Սիւնիքի մարզերու հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու նկարահանման եւ զանոնք 3D ձեւաչափով թուայնացնելու նպատակով կատարուած աշխատանքները եւ այս ուղղութեամբ իրականացուելիք յառաջիկայ ծրագիրները:

Փաշինեան ողջունեց Հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային դաշինքի գործունէութիւնը՝ պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ եւ Հայաստանի կառավարութեան անունով փոխգործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց:

Փաշինեան եւս հաստատեց, որ Հայաստանի համար առաջնահերթ է 44օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանին անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը ոչնչացումէ՝ նշելով, որ շատ կարեւոր է միջազգային հանրութեան, յատկապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕի անխոչընդոտ ներգրաւուածութիւնը՝ Արցախի հայկական յուշարձանները պահպանելու եւ վանտալիզմը կանխելու առումով:

Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Հայաստանի մէջ պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան եւ վերականգնման ուղղութեամբ համագործակցութեան հարցեր:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2022, 09:00