Որոնել

Ալիեւ - Միշել - Փաշինեան Ալիեւ - Միշել - Փաշինեան 

Միշել. «Յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնախումբի առաջին նիստը»

Ըստ անոր, Փաշինեան եւ Ալիեւ խոստացած են պահպանել սերտ հաղորդակցութիւնները եւ նոյն` եռակողմ ձեւաչափով անգամ մը եւս հանդիպում ունենալ յուլիսին կամ օգոստոսին:

Յառաջիկայ օրերուն պետական սահմանին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծման ու սահմանի անվտանգութեան հարցերով միացեալ յանձնախումբի առաջին նիստը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ կիրակի Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել: Ան չյստակացուց, թէ ճիշդ ե՛րբ եւ սահմանի ո՛ր հատուածին վրայ պիտի ըլլայ այդ հանդիպումը:

«Քննարկումը բաց էր եւ արդիւնաւէտ, մենք քննարկեցինք հարցերու ամբողջ շրջանակ մը: Մանրամասն կերպով քննարկեցինք մարդասիրական խնդիրները, ներառեալ ականազերծման, ձերբակալուածները ազատ արձակելու ջանքերը եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրները: Հետեւեալ արդիւնքներուն հասած ենք. յառաջիկայ օրերուն միջպետական սահմանին վրայ տեղի պիտի ունենայ սահմաններու հարցով միացեալ յանձնախումբերու առաջին հանդիպումը, անիկա պիտի քննարկէ սահմանագծման եւ սահմանային անվտանգութիւնը լաւագոյնս ապահովելու առնչուած բոլոր հարցերը», ըսած է Միշել:

«Ղեկավարները համաձայնած են, որ անհրաժեշտ է ապաշրջափակել փոխադրամիջոցային կապերը, եւ համաձայնած են, թէ ի՛նչ սկզբունքներով պիտի կատարուի տարանցումը` Արեւմտեան Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր հատուածներէն դէպի Ազրպէյճան, ինչպէս նաեւ, թէ ինչ սկզբունքով պիտի կատարուին երկու երկիրներու հաղորդակցութեան ուղիներու եւ ենթակառոյցներու միջոցով միջազգային փոխադրումները: Յատկանշական է, որ անոնք համաձայնած են սահմանային վարչարարութեան, անվտանգութեան սկզբունքներուն եւ տարանցման տուրքերուն շուրջ», նշեց Միշել:

Ըստ անոր, Փաշինեան եւ Ալիեւ խոստացած են պահպանել սերտ հաղորդակցութիւնները եւ նոյն` եռակողմ ձեւաչափով անգամ մը եւս հանդիպում ունենալ յուլիսին կամ օգոստոսին:

«Այս ուղիին կողքին, ես նաեւ երկու ղեկավարներուն շեշտեցի, որ պէտք է լուծել Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը», ըսաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ քննարկումին հիմամբ համաձայնութիւն գոյացած է շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման ուղղուած աշխատանքներու հետագայ ընթացքի, սահմաններու սահմանագծման եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի աշխատանքներու մեկնարկին շուրջ:

Քննարկման առարկայ դարձած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցային հոլովոյթի նախապատրաստութիւններուն, մարդասիրական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման վերաբերող հարցեր:

Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու եռակողմ հանդիպումները` նախատեսելով նմանատիպ հանդիպում կատարել յուլիսին կամ օգոստոսին:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ հանդիպումի ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Զանգեզուրի միջանցքի բացման վերաբերեալ, ինչպէս երկաթուղիի, նոյնպէս ալ ինքնաշարժներու ճամբու կառուցման հարցին մէջ:

Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Յառաջացուցին Սահմանազատման Եւ Սահմանային Անվտանգութեան Հարցերով Յանձնախումբեր

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբ ստեղծելու մասին որոշում ստորագրեց:

Յանձնախումբի նախագահ նշանակուեցաւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, կազմին մէջ ներառուած են արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, արդարադատութեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարարներ, Կադաստրի կոմիտէի փոխնախագահները, միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչը, բանակի փոխհրամանատարը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) բաժանմունքի տեղակալը, ԱԱԾ-ի սահմանապահ զօրքերու հրամանատարը, բանակի ռազմատեղագրական ծառայութեան պետը:

Նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս հրամանագիր ստորագրեց սահմանազատման պետական յանձնախումբ ստեղծելու մասին:

Ըստ Ազրպէյճանի նախագահականին, յանձնախումբի նախագահ նշանակուեցաւ փոխվարչապետ Շահին Մուստաֆայեւը, կազմին մէջ ընդգրկուած են 22 գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ:

ԵԱՀԿ–ը Կ՛ողջունէ Փաշինեան–Ալիեւ Հանդիպումը

ԵԱՀԿ-ը կ՛ողջունէ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ Փաշինեանի եւ Ալիեւի` Պրիւքսելի մէջ կայացած հանդիպումը, ինչի մասին կը նշուի ԵԱՀԿ-ի թուիթըրեան էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

«Ուղիղ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ նախադրեալ է յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի պատրաստման համար: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու Հարաւային Կովկասի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագան ապահովելու ջանքերուն», կ՛ընդգծուի հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2022, 09:00