Որոնել

wwwww.jpg

Ստեփանակերտ անընդունելի կը նկատէ Շարլ Միշէլի ձեւակերպումը

«Արցախի իշխանութիւնների եւ ժողովրդի համար խիստ անընդունելի է Եւրոպական խորհրդի նախագահ Շառլ Միշելի յայտարարութեան մէջ տեղ գտած «Ղարաբաղի էթնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը» ապահովելու մասին ձեւակերպումը», ըսաւ Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի յայտնեց, թէ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան իրեն ըսած է, որ «որեւէ մէկը չի կարող եւ չի պատրաստւում Հայաստանի ու Արցախի ժողովրդի թիկունքում ինչ-որ փաստաթուղթ ստորագրել, եթէ կը լինի կոնկրետ (յստակ) առաջարկ կոնկրետ լուծումների մասին, ապա այն կը քննարկուի Արցախի իշխանութիւնների հետ, եւ հանրութիւնը դրա մասին տեղեկացուած կը լինի պատշաճ ձեւով»: Այս մասին ան յայտարարեց 25 Մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստին:

Այդ նիստը, ինչպէս կը նշէ Արցախի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, գումարուեցաւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններու պահանջով:  

«Արցախի իշխանութիւնների եւ ժողովրդի համար խիստ անընդունելի է Եւրոպական խորհրդի նախագահ Շառլ Միշելի յայտարարութեան մէջ տեղ գտած «Ղարաբաղի էթնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը» ապահովելու մասին ձեւակերպումը», ըսաւ Յարութիւնեան:

Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեային այս յայտարարութիւնը «չի արտայայտում արցախահայութեան պահանջներն ու ձգտումները, որոնց հիմքում դրուած է ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքը»:

Յարութիւնեան շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը անշեղօրէն կը շարունակէ իր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի լրիւ ու անվերապահ իրականացման միջոցով անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղին, եւ արցախցիներու իրաւունքներու եւ ապահովութեան պատշաճ երաշխաւորումըը հնարաւոր է բացառապէս Ատրպէյճանի կազմէն դուրս։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2022, 09:00