Որոնել

Շողեր Մարկոսեան Շողեր Մարկոսեան 

Շողեր Մարկոսեան՝ օգնական տնօրէն Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին

Շողեր Մարկոսեան ուսանած է Լիբանան եւ ապա Անգլիա ու Պելճիքա, մասնագիտանալով անգլերէն գրականութեան եւ մշակութային գիտութիւններու մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ Շողեր Մարկոսեանին նշանակումը որպէս Բաժանմունքի Օգնական Տնօրէն: Ան Հիմնարկութեան հետ կը գործակցի որպէս խորհրդատու՝ 2018 թուականէն ի վեր:

Շողեր Մարկոսեան ուսանած է Լիբանան եւ ապա Անգլիա ու Պելճիքա, մասնագիտանալով անգլերէն գրականութեան եւ մշակութային գիտութիւններու մէջ: Աշխատակցած է հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ մշակոյթի, կրթութեան, արուեստի եւ այլ միջգիտակարգային ոլորտներու մէջ: Մշակած է նոր ռազմավարութիւններ ու ծրագիրներ, կեդրոնանալով ժամանակակից նիւթերու եւ մօտեցումներու վրայ:

«Շատ ուրախ ենք որ Շողերը պիտի միանայ մեր անձնակազմին: Իր հմտութիւնը, մասնագիտութիւնը եւ խանդավառութիւնը պիտի հարստացնէ հայ մշակոյթին եւ լեզուին զարգացման միտող մեր ծրագիրները եւ ամբողջացնէ անոնց վերաբերեալ մեր համապարփակ մօտեցումը», ըսաւ Ռազմիկ Փանոսեան, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին տնօրէնը:

Շողեր Մարկոսեան իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Յունիս, 2022-ին:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2022, 08:47