Որոնել

1652798632730.jpg

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ կը համագործակցի որպէսզի համաձայնագիրի հաստատման ձգտին». Պրոել

Մենք իսկապէս ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ այդ համաձայնութիւնը ձեռք բերուի: Եւ մենք երկու կողմերուն հետ կը համագործակցինք, որպէսզի անոնք իսկապէս ձգտին այս համաձայնագիրի հաստատման:

Եւրոպական Միութիւնը ամէն կերպ պիտի աջակցի Հայաստանին ու Ազրպէյճանին համաձայնագիրի հաստատման պարագային զայն կեանքի կոչելու համար: Այս մասին յայտնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւններու ձեռք բերման պարագային Եւրոպական Միութիւնը անվտանգութեան ի՛նչ երաշխիքներ կրնայ տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն:

«Մենք իսկապէս ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ այդ համաձայնութիւնը ձեռք բերուի: Եւ մենք երկու կողմերուն հետ կը համագործակցինք, որպէսզի անոնք իսկապէս ձգտին այս համաձայնագիրի հաստատման: Մենք տակաւին հեռու ենք ատկէ, սակայն եթէ ատիկա տեղի ունենայ, ապա Եւրոպական Միութիւնը պիտի տրամադրէ կարելի որեւէ օգնութիւն, որպէսզի աջակցի այդ համաձայնութեան կեանքի կոչման», ըսած է Պորել։

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2022, 10:01