Որոնել

Թուրքիոյ հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու Թուրքիոյ հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու  

Չաւուշօղլու կը պնդէ, որ հայ-թրքական սահմանին ճշգրտումներ կատարել

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով հերքած էր բոլոր այն լուրերը, որ հայ-թրքական սահմանին վերաբերեալ ճշգրումտներ կատարելու օրակարգ կայ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն խօսած է հայ եւ թուրք բանագնացներու յառաջիկայ հանդիպման մասին:

Չաւուշօղլուն նշած է, թէ հանդիպման ընթացքին պիտի խօսին յառաջիկային կատարուելիք քայլերու մասին: Չաւուշօղլուն պնդած է, թէ հայերուն հետ համաձայնութիւն կայ հայ-թրքական սահմանի ճշգրտման մասին:

Ան յիշեցուցած է, որ օրինակ Ատրպէյճանի պարագային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու համաձայնութիւն ձեռք բերուած է:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով հերքած էր բոլոր այն լուրերը, որ հայ-թրքական սահմանին վերաբերեալ ճշգրումտներ կատարելու օրակարգ կայ։

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2022, 07:20