Որոնել

0429surp-giragos-750x375.jpg

Սուրբ Կիրակոսի օծումէն ետք կատարուած է Իսլամացուած հայերու մկրտութիւն

8 Մայիսին, կիրակի առաւօտեան եկեղեցին վերաօծուած է եւ վերաբացուած կրօնական արարողութիւններուն համար։ Պատարագին մասնակցած են մօտ 1000 հոգի։ Ս. Պատարագէն ետք տեղի ունեցած է 4 հայու մկրտութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Օրերս Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագը մատուցուելէն  ետք կատարուած  է նաեւ իսլամացած հայերու մկրտութիւն: 

Աղբիւրը նշած է թէ Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին համարուող՝ Ս.Կիրակոսին մէջ Ս. Պատարագ մատուցուած է 7 տարուայ դադարէն յետոյ: 

7 Մայիս, 2022-ին թուրք պետական պաշտօնեաներու եւ Կ․Պոլսոյ Հայոց պատրիարք՝  Ն.Ա. Տ. Տ.Տ Սահակ  արք. Մաշալեանի, ինչպէս նաեւ՝ ասորի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կատարուած է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Սփիւռքէն ու Պոլիսէն եկած շուրջ 700 հոգի։ Բացման արարողութեան մասնակցած են մօտ 2000 մարդ, որոնց մէջ եղած են Տիարպէքիրի, Սասունի, Մշոյ , Խարբերդի, Մալաթիոյ հայերը, նաեւ՝ տիարպէքիրցի քիւրտեր ու այնտեղ պաշտօններ ունեցող թուրքեր։

8 Մայիսին, կիրակի առաւօտեան եկեղեցին վերաօծուած է եւ վերաբացուած կրօնական արարողութիւններուն համար։ Պատարագին մասնակցած են մօտ 1000 հոգի։ Ս. Պատարագէն ետք տեղի ունեցած է 4 հայու մկրտութիւն։

Ըստ աղբիւրին՝ 1980-ականներուն, Տիարպէքիրի հայ համայնքէն շատեր փոխադրուած են Պոլիս եւ ուրիշներ գաղթած աշխարհի հայկական գաղթօջախներ, որոնց հետեւանքով Ս.Կիրակոսը մնացած է լքուած։ Եկեղեցին, երկար տարիներ անտէր մնալու պատճառով, աւերակի վերածուած է, իսկ տանիքը՝ քանդուած։

2011-ին համայն աշխարհի Տիարպէքիրի հայերը նուիրատուութեան արշաւ մեկնարկած են, եւ այդ նուիրատուութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ տեղի հաստատութիւններու աջակցութեամբ Ս. Կիրակոս եկեղեցին վերանորոգուած է։ Եկեղեցւոյ համար նոր զանգակատուն կառուցուած է, եւ այն բացուած է պաշտամունքի համար։ Սակայն եկեղեցական ծէսերը իրականացնելու համար Ս. Կիրակոս հոգեւոր սպասաւոր չունէր։ Այնտեղ պատարագներ կը մատուցուէին տարեկան 1-2 անգամ, Կ․Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի կողմէ ուղարկուած հոգեւորականներու միջոցով։

Իսկ 2015-ին, Թուրքիոյ պետութեան ու քիւրտերու միջեւ սկսած ընդհարումներուն հետեւանքով եկեղեցին մեծ վնաս կրած է։ 7 տարուայ դադարէ ետք եկեղեցին վերանորոգուած է Թուրքիոյ Հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրինութեան կողմէ եւ վերաբացուած պաշտամունքային ծէսերու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2022, 07:59