Որոնել

1651498400640.JPG

Արհ. Գրիգոր Օգոստինոս եպ. Գուսանի շնորհաւորական գիրերը, իսլամներու «Իտ էլ ֆըթըր» տօնին առթիւ

Արհիապատիւ առաջնորդը բոլորին յայտնեց՝ առողջութեան, բարօրութեան եւ խաղաղութեան լաւագոյն մաղթանքներ
Ունկնդրէ լուրը

Սոնա Նորպեթլեան - Վատիկան

Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպ. Գուսան, Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդը, «Իտ էլ ֆըթըր» տօնին առթիւ, շնորհաւորական գիր յղեց, Եգիպտոսի նախագահ՝ Ապտուլ Ֆաթթահ ալ Սիսիին, եւ Ալ Ազհարի կրօնապետին ու նաեւ՝ պետական եւ , կրօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն։

Արհիապատիւ առաջնորդին յղած՝ շնորհաւորագրին մէջ կը կարդանք.

Պարոն նախագահ՝ Ապտուլ Ֆաթթահ ալ Սիսի, Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան, կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներուն ու Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ՝ կրօնական, մշակութային ու բարեսիրական հաստատութիւններու անդամներուն անունով՝ կը շնորհաւորեմ ձեզ «Իտ էլ ֆըթր» տօնին առթիւ, որուն դուք Եգիպտոսի իսլամ հաւատացեալներուն հետ, պատրաստուեցաք աղօթքով ու ծոմապահութեամբ ու նաեւ եղբայրսիրական բարեգործութիւններով. Բոլորիդ յայտնելով՝ առողջութեան, բարօրութեան եւ խաղաղութեան լաւագոյն մաղթանքներս։

Թող Աստուած իր առատ շնորհքներով օժտէ ձեզ, քաջութեամբ եւ իմաստութեամբ գործելու երկրի յառաջընթացքին ու բարգաւաճման ի խնդիր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2022, 07:23