Որոնել

Bandiere-dellarmenia-e-EuropaAEM.jpg

Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստան պիտի քննարկեն վիզաներու ազատականացման հարցը

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները եւ Հայաստան միտքեր պիտի փոխանակեն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրին վերաբերեալ:

Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի 4րդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 18 Մայիսին, Պրիւքսէլի մէջ: Այս մասին յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի կայքը:

Կը նշուի, որ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմ յարաբերութիւնները եւ քաղաքական հարցեր:

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները եւ Հայաստան միտքեր պիտի փոխանակեն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրին վերաբերեալ:

Պիտի քննարկուին քաղաքական երկխօսութեան, ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու, առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ պիտի ըլլայ նաեւ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի հեռանկարներուն:

Մասնակցողները պիտի քննարկեն նաեւ տարածաշրջանային հարցեր (Ռուսիոյ-Ուքրանիա, Թուրքիա, Իրան), ինչպէս նաեւ Արցախի հարցը:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2022, 08:44