Որոնել

Ուքրանացի գաղթականներ Ուքրանացի գաղթականներ 

Ուքրանիայէն առաւել քան 200 քաղաքացիներ ապաստան հայցած են Հայաստանէն

Ուքրանիայէն 200 քաղաքացիներ, որոնց կէսէն աւելին ազգութեամբ հայեր են, արդէն ապաստան հայցած են Հայաստանէն:

Ռուս-ուքրանական իրավիճակի լոյսին տակ, Հայաստան եկող թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ Ուքրանիոյ քաղաքացիներու թիւը էականօրէն աւելցած է: Ուքրանիայէն 200 քաղաքացիներ, որոնց կէսէն աւելին ազգութեամբ հայեր են, արդէն ապաստան հայցած են Հայաստանէն:

«Արմէնփրէս»ի լրագրող Աննա Գրիգորեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայաստանի գաղթականութեան ծառայութեան հանրային կապերու պատասխանատու Նելլի Դաւթեան ընդգծեց, որ Հայաստան եկած Ռուսիոյ քաղաքացիները աշխատանքի թոյլտուութեան եւ կեցութեան կարգավիճակ ստանալու պահանջէն զերծ մնացած են՝ իբրեւ ԵԱՏՄի անդամ պետութեան քաղաքացիներ: Անոնք իրաւունք ունին ազատօրէն մինչեւ 180 օր Հայաստան մնալու:

«Եթէ իրենց աշխատանքային գործունէութիւնն աւելի երկար է ձգուելու, Միգրացիոն ծառայութիւնն իրենց տալիս է փաստաթուղթ այն մասին, որ օրինական են բնակւում եւ աշխատում Հայաստանում: Տրւում է տեղեկանք՝ պլաստիկ քարտի տեսքով: Այն տրամադրւում է անվճար բաւականին սեղմ ժամկէտում՝ 1 շաբաթից 10 օրում», պարզաբանեց Դաւթեանը:

Այս տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստան եկած են Ռուսիոյ 142 հազար 117 քաղաքացիներ, համեմատութեան համար՝ նախորդ տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստան եկած Ռուսիոյ քաղաքացիներու թիւը եղած է 43 հազար 45: Ընդ որում, այս տարուան Յունուարին Հայաստան եկած են 47 հազար 381 Ռուսիոյ քաղաքացիներ, Փետրուարին՝ 40 հազար 36, Մարտին՝ 54 հազար 700: 2022ի առաջին եռամսեակին Հայաստանէն մեկնած են 138 հազար 111 Ռուսիոյ քաղաքացիներ: Տարբերութիւնը, այսինքն սահմանահատումներումնացորդի թիւը, շուրջ 4000 է: Սակայն Դաւթեան կը շեշտէ, որ այս չի նշանակեր, թէ Հայաստանի մէջ եռամսեակային տուեալներով ընդամէնը 4 հազար Ռուսիոյ քաղաքացի կար: «Այդ թիւը փոքր է, քանի որ Յունուար ամսին, նաեւ Փետրուարին ՌԴ քաղաքացիների ելքը շատ մեծ է եղել: Հնարաւոր է, որ այդ ելքի մէջ արտացոլուած են ՌԴ քաղաքացի հանդիսացող հայ աշխատանքային միգրանտները, որոնք գարնանը, ձմրանը մեկնում են Ռուսաստանում աշխատելու», դիտել տուաւ ան:

Յունուարին Հայաստանէն մեկնած են 55 հազար 125 Ռուսիոյ քաղաքացիներ, Փետրուարին՝ 38 հազար 548, Մարտին՝ 44 հազար 438: Յունուարին անոնց ելքերու եւ մուտքերու տարբերութիւնը բացասական եղած է, ապա Հայաստանի մէջ նկատուած է Ռուսիոյ քաղաքացիներու մեծ ներհոսք, որուն իբրեւ արդիւնք այդ բացասական թիւը նուազած է, դարձած է դրական, բարձրացած է մինչեւ 4 հազարի: Սակայն, օրինակ, ըստ իրաւաբանական անձերու պետական տոմարի արձանագրութեան, եռամսեակային տուեալներով՝ թիւը գերազանցած է 1500ը: Դաւթեան նկատեց. »Դժուար թէ 4000ից 1500ը գրանցուէին որպէս իրաւաբանական անձ: Իրականում այդ թիւն անգամներով մեծ է«:

Այս տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստան եկած է 5938 Ուքրանիոյ քաղաքացի՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակի 2531ի համեմատ: Ընդ որում, բաշխուածութիւնը հետեւեալ կերպ է՝ Յունուարին Հայաստան եկած Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն թիւը  2079 է, Փետրուարին՝ 1597, Մարտին՝ 2262: Սակայն եռամսեակի տուեալներով Հայաստանէն մեկնած է Ուքրանիոյ 5631 քաղաքացի: Սահմանահատումներու մնացորդը 307 է, համեմատութեան համար 2021ի առաջին եռամսեակի արդիւնքներով սահմանահատումներու մնացորդը եղած է 68: Ընդ որում, այս տարուան Յունուարին եւ Փետրուարին եւս տարբերութիւնը բացասական եղած է, Մարտին արդէն՝ դրական: Եռամսեակի տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ մնացած Ուքրանիոյ շուրջ 300 քաղաքացիներէն 200ը ապաստան հայցած են Հայաստանէն: Անոնց մէջ կան նաեւ հայեր: «Այս պահին ունենք աւելի քան 200 անձից նմանատիպ հայցադիմում, որոնց 60 տոկոսն ազգութեամբ հայեր են, 40 տոկոսը՝ ազգութեամբ ուկրաինացիներ», ըսաւ Դաւթեան:

Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին, որ Ուքրանիոյ մէջ ծաւալած ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ քաղաքացիները հաշուըւած են համապատասխանաբար 1907 եւ 20 անհատ ձեռներէցներ, այդ քաղաքացիներու կամ իրաւաբանական անձերու մասնակցութեամբ արձանագրուած են սահմանափակ պատասխանատուութեամբ 1011 ընկերութիւններ՝ 24  Փետրուարի եւ 17 Մայիսի միջեւ: 

Անոնց տնտեսական գործունէութեան ոլորտին մասին նախարարութիւնը յայտնեց, որ անոնք ընդհանրապէս ընտրած են ծրագրային ապահովման մշակում, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ համակարգչային թեքնիք բնագաւառի զանազան գործունէութիւն:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2022, 08:45