Որոնել

Արցախի դրօշը Արցախի դրօշը 

Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է. Արցախի նախագահ

Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ վերապահման եւ զիջման ենթակայ չէ: Այդ հարցի բացառիկ տէրը Արցախի ժողովուրդն է:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վերաբերմունքը տարբեր ձեւաչափերով ընթացող բանակցութիւններուն եւ քննարկումներուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան ու Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին վերաբերեալ հնչեցուող յայտարարութիւններին միանշանակ է եւ արտայայտուած է մի քանի անգամ նախագահին ու Ազգային ժողովին կողմէ:

Այս մասին ըսած է ԱՀ նախագահի մամուլի քարտուղար Լուսինէ Աւանեսեանը` աւելցնելով, որ կը փափաքի յիշեցնել 2021 թուականի Դեկտեմբերին նախագահ Յարութիւնեանի հրապարակած դրոյթներէն մի քանին`

1. Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ վերապահման եւ զիջման ենթակայ չէ: Այդ հարցի բացառիկ տէրը Արցախի ժողովուրդն է:

2. Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը իշխանութիւններուն ուղենիշը կը մնայ: Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է:

3․ Ոչ միայն կարգավիճակի, այլեւ ժողովրդագրական առումով վերադարձը անցեալին անընդունելի է: Արցախի Հանրապետութիւնըունի իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու խնդիր:

ԱՀ նախագահի խօսնակին խօսքով` իր քաղաքականութիւնը Արցախի իշխանութիւնը կը կառուցէ ու կ'իրականացնէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագրին եւ Մայր օրէնքին համապատասխան` համագործակցելով բոլոր գործընկերներուն հետ:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2022, 08:30