Որոնել

Հայոց Գողգոթան...

Ոգեկոչելով Քրիստոսի եւ մեր բիւրաւոր վկաներուն յիշատակը` մեր ուխտը վերանորոգե՛նք, միակամ գործե՛նք եւ վերսկսի՛նք նոր կեանք մը դարաւոր այն շունչով, զոր ժառանգած ենք Գրիգոր Լուսաւորչէն, ամրացուցած ենք Մեսրոպ Մաշտոցով, արիացուցած ենք Վարդան Մամիկոնեանով, քաղցրացուցած ենք Գրիգոր Նարեկացիով, երգած ենք Ներսէս Շնորհալիով, վերազարթնած ենք Մխիթար Սեբաստացիով:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

...Սակայն, այսօր ապրիլը ի՞նչ է մեզի համար որպէս ժառանգորդներն Ապրիլեան Նահատակներուն...։ Արդեօ՞ք ազգային գիտակցութիւնը հաւաքած է մեզ մեր նահատակներու յիշատակին շուրջ, թէ ոգեկոչումները սովորութիւն դարձած ձեւակերպութիւններն են լոկ...։

Ապրիլ 24-ը օրն է, հաղորդութեան ընդ մեռելոց։ Գոնէ այդ մէկ օրը եկէք փակենք մեր գոյութեան բոլոր դռները բոլոր ձայներուն դիմաց, բաց պահենք, սակայն, մեռելոց ձայնին յատուկ գաղտնի դուռը` լսելու հոգեմրմունջ պատգամը մեր նահատակ նախահայրերուն եւ նախամայրերուն։

Հայ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Զիրար սիրեցէ՛ք, իրարու գործակիցներ եղէ՛ք. միութեան ու եղբայրութեան ոգին աճեցուցէ՛ք. ձեր զօրութիւնը ձեր միութեան մէջ փնտռեցէ՛ք: Ո՞վ պիտի լսէ ձեզ, եթէ դուք չլսէք զիրար...: Յանուն մեր սուրբ դատին, յանուն մեր արդար իրաւունքներուն, յանուն Հայաստանի ծաղկումին, յանուն Արցախի պահանջատիրական պայքարին գործեցէ՛ք միակամ, միաշունչ ու միախորհուրդ: Յանուն մեր սուրբ հաւատքին քրիստոսասէր մնացէ՛ք :

Ոգեկոչելով Քրիստոսի եւ մեր բիւրաւոր վկաներուն յիշատակը` մեր ուխտը վերանորոգե՛նք, միակամ գործե՛նք եւ վերսկսի՛նք նոր կեանք մը դարաւոր այն շունչով, զոր

• ժառանգած ենք Գրիգոր Լուսաւորչէն,

• ամրացուցած ենք Մեսրոպ Մաշտոցով,

• արիացուցած ենք Վարդան Մամիկոնեանով,

• քաղցրացուցած ենք Գրիգոր Նարեկացիով,

• երգած ենք Ներսէս Շնորհալիով,

• վերազարթնած ենք Մխիթար Սեբաստացիով,

մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ, մինչեւ Ապրիլեան Նահատակները, մինչեւ Արծիւեան Ուխտին միաբան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան, մինչեւ Արցախի հայ հերոս ֆետայինները, մինչեւ Սումկայիթի անմեղները եւ մինչեւ Հրանդ Տինք, որոնք ինկան իրենց ազգութիւնը եւ իրենց հաւատքը դաւանելով։

Հպարտութեամբ կը յիշենք որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով ողջ հայութիւնը ակնդէտ հետեւեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառի հանդիսապետութեամբ Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու սրբադասման արարողութեան:

Ղեւոնդ Ռոպէր Քենտիրճեան

(Քաղուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի "Հայոց Գողգոթան" խտասալիկէն)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2022, 09:35