Որոնել

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ 

Հաղորդաշար` նուիրուած Հայկական Գրականութեան (4)- ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ (1884 - 1915)

Վարուժան արեւմտահայ բանաստեղծութեան անհասանելի գագաթներէն մէկն է: Զինքը բնորոշող յանդուգն խառնուածքի եւ ուժեղ անհատականութեան շնորհիւ Վարուժան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ անտեսած է զինքը կաշկանդող բոլոր կապանքները:

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ (1884 - 1915)

«Սիրտս սափորն է դատարկ
Ու ես կ’երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին»

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Դէպի լոյսի աղբիւր յարատեւ խոյանք էր բրգնիքցի Դանիէլ Չպուքեարեանի կեանքը, ուր իր եղերական վախճանն անգամ ի զօրու չէր կասեցնելու յաղթական այդ երթը:

Վարուժան արեւմտահայ բանաստեղծութեան անհասանելի գագաթներէն մէկն է: Զինքը բնորոշող յանդուգն խառնուածքի եւ ուժեղ անհատականութեան շնորհիւ Վարուժան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ անտեսած է զինքը կաշկանդող բոլոր կապանքները:

Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ ան խուսափած է յանգաւորումներէ, զորս որակած է դիւցազներգութեան սեռի յատուկ եղանակ:

Դժուար է ճշգրտօրէն որոշել Վարուժանի բանաստեղծական ուղղութիւնը, ըսելու համար, թէ ո՞ր դպրոցին կը պատկանի ան: Իր իսկ բնութագրութեամբ, բանաստեղծը ազատ է իր ոճին մէջ: Իսկ մենք Վարուժանի բանաստեղծութիւններուն մէջ կը նկատենք քանի մը ուղղութիւններու երանգներ:

Վարուժան իր առաջին երկը` «Սարսուռներ»ը գրեց 1906ին, Վենետիկի մէջ: Նոր ռոմանթիզմի դարաշրջանն էր: Ուստի «Սարսուռներ»ու մէջ պիտի ըլլային եւ առկայ են ռոմանթիզմի յատուկ գիծեր` զգացմունքային պոռթկումներ, աշխարհընկալման վերացական եղանակներ, եւ այլն: Սակայն, այս իրողութիւնը ամբողջովին ռոմանթիք չենք կրնար նկատել, որովհետեւ հոն կայ նաեւ երանգ մը, որ զինք դուրս կը հանէ լիարժէք ռոմանթիզմէն եւ կը մղէ դէպի դասականութիւն:

Իսկ այդ դասականութիւնը ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործեց Վարուժանի բանաստեղծութիւններուն մէջ:

Վարուժանի իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը արգասիքն է այն միջավայրին եւ տարերքին, ուր ան ստեղծագործած է:

Մխիթարեաններու Վենետիկը այդ զօրաւոր ազդակներէն մէկը հանդիսացաւ: Միաբանութեան Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանէն ստացած կրթութիւնը իր խոր անդրադարձը ունեցաւ Վարուժանի ողջ ստեղծագործական կեանքին վրայ: Մխիթարեան հայրերը ապրելով եւ ստեղծագործելով վերածնունդի հայրենիքը նկատուող Վենետիկի մէջ, ուր տակաւին կենսունակ էր դասականութիւնը եւ ուր ամէն ինչ դասականութիւն կը բուրէր, իրենք` Մխիթարեանները եւս ջատագովն էին դասականութեան: Այստեղ անոնք ստեղծեցին շատ մնայուն եւ անանցանելի արժէքներ.

  1. 1)  Անոնք արեւմտահայ գրականութեան ենթահողը պատրաստեցին:

  2. 2)  Հրատարակեցին եւ տարածեցին մատենագիրերու գործերը:

  3. 3)  Թարգմանեցին եւրոպական գեղարուեստական գրականութիւնը եւ այլն:

Այս բոլորը անմիջականօրէն եւ խոր ձեւով ազդեցին տակաւին պատանեկութենէն-երիտասարդութեան անցման փուլին մէջ գտնուող Վարժարանի վրայ` զինք ենթարկելով դասականութեան զօրաւոր ազդեցութեան: Ուստի Վարուժան, ստեղծագործելով հանդերձ նոր ռոմանթիզմի դարաշրջանին, իր բանաստեղծութիւնները ունէին թէ ռոմանթիք եւ թէ դասական բնորոշ գիծեր:

Վարուժանի բանաստեղծական շարքը պահպանողական Մխիթարեան հայրերը սկսան տպագրել «Գեղանի» եւ «Բազմավէպ» հանդէսներուն մէջ, սակայն շարքէն դուրս մնացին 10 բանաստեղծութիւններ, անոնց թունդ հայրենասիրական բնոյթին պատճառով, «Շատ թունդ հայրենասիրական» որակելով զանոնք: Այս մէկը արդարացի զայրոյթ յառաջացուց Վարուժանի մօտ: Ապագային շարքը ամբողջութեամբ վերահրատարակուեցաւ «Սարսուռներ» խորագիրը կրող առաջին հատորով:

Արդէն ձեւաւորուած եւ ինքնուրոյն մտքի տէր մտաւորական էր ան, երբ աւարտելով Մխիթարեան միաբանութեան ճեմարանը մուտք գործեց Պելճիքայի Կանտի համալսարանը: Կանտ քաղաքը յաջորդ կարեւոր հանգրուանն էր Վարուժանի թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ ֆիզիքական կեանքին մէջ: Հոն ան սիրային արկածախնդրութիւն մը ունեցաւ: Համալսարանական 4 տարիներուն ընթացքին, աւելի խորացուց գիտելիքները արուեստի բոլոր մարզերուն մէջ: Կանտի ինչպէս նաեւ Վենետիկի մէջ Վարուժան շատ կարգապահ էր եւ չափազանց ընթերցասէր (եւրոպացի իր ուսուցիչներուն զարմանք պատճառելու աստիճան): Ան քաջածանօթ էր միջազգային գրականութեան:

Ուսանողական տարիներէն Ռուբէն Սեւակ եւ Վարուժան մտերիմներ էին: Իսկ 1906ին Զուիցերիոյ մէջ Վարուժան ծանօթացած էր Սիամանթոյի հետ, եւ որուն հետ դարձեալ սերտ կապերու մէջ էր: Այդ շրջանին Վարուժան փորձեց գրողներու ընկերութիւն մը հիմնել «Աստեղատուն» անունով:

Համալսարանական ուսումը աւարտելով Վարուժան նախ կը մեկնի Վենետիկ, ապա իր հայրենի Բրգնիք գիւղը, ուր կը պաշտօնավարէ իբրեւ ուսուցիչ:

1909ին Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ իր երկրորդ ժողովածուն՝ «Ցեղին Սիրտը» խորագիրով:

Արեւմտահայաստանէն եւ յատկապէս Կիլիկիայէն սկսած աղէտալի լուրերը չէին կրնար զայրոյթ եւ ցասում չյառաջացնել բանաստեղծի փոթորկոտ հոգիին մէջ, ինչ որ արտացոլաց «Ցեղին սիրտը» բանաստեղծական ժողովածոյին մէջ:

«Ցեղին սիրտը» իսկապէս արժանի է հայ բանաստեղծութեան գլուխ գործոցներէն մէկը նկատուելու: Այստեղ, ինչպէս հատորին վերնագիրը մեզի կը յուշէ, Վարուժան կրցաւ հարազատ արտայայտիչը դառնալ իր ազգի մտքին ու ոգիին, ինչպէս նաեւ մարգարէանալ անոր ապագան: Ուրիշ ի՞նչ կրնար ընել իր ժողովուրդին ճակատագիրով տառապող բանաստեղծը, երբ այդ ժողովուրդը իր սեփական աչքերուն առջեւ կ’ողջակիզուէր, եթէ ոչ գոնէ օրհասական վերջին ճիչով մը ձայն տար անտարբեր մարդկութեան` իր ազգին օգնութեան փութալու:

Վարուժանի համար համաշխարհային չարիքը մարմնաւորուած էր մէկ ժողովուրդի մէջ` թուրքին: Ինչպիսի՞ հաճոյքով մարդասպանութիւն կը կատարէին: Ի՞նչ դժոխային, սատանայական եւ լկտի ձեւերով կ’իրագործէին իրենց ոճիրը, կ’ոչնչացնէին մարդիկը, ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս: Սակայն Վարուժանի մեծութիւնը հոն է, որ անոր բանաստեղծութիւնները երբեք պարտութիւն, յուսախաբութիւն չեն ճանչնար: Ան կ’եզրակացնէ, թէ այնուամենայնիւ իր ազգը պիտի ապրի եւ գոյատեւէ:

 

Հաղորդաշարը պատրաստած են` Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանը եւ Սօսէ Փիլաւճեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2022, 09:02