Որոնել

Հայ մտաւորականներ Հայ մտաւորականներ 

Հաղորդաշար` նուիրուած Հայկական Գրականութեան. Ներածական

Հաղորդաշարը պատրաստուած է` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

ԺԸ. դարու վերջին եւ ԺԹ. դարու սկիզբը հայ գրականութեան մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր եւ հիմնական փոփոխութիւններ:

Հարստացաւ գրականութեան բովանդակութիւնը, մտաւորականները աւելի շատ ուշադրութիւն դարձուցին իրենց ապրած ժամանակաշրջանի կեանքին: Վիպասանները սկսան պատկերել ժողովուրդի ապրելակերպը, կենցաղը, սովորութիւնները, մեր հերոսական պատմութեան դրուագները: Բանաստեղծները երգեցին հայրենիքը, սէրը, բնութիւնը, իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ արտայայտեցին մարդկային բազմապիսի զգացումներ, պատկերեցին մարդու հոգեկան ներաշխարհի հարստութիւնը, անով իսկ լրումին հասցուցին հայ բանաստեղծութիւնը:

Ամենակարեւորը՝ փոխուեցաւ նաեւ գրականութեան լեզուն: Գրաբարը այլեւս շրջանառութեան մէջ չէր, հին գիրքերը, որոնք գրուած էին գրաբարով՝ արդէն անհասկնալի ժողովուրդին համար:

ժողովուրդը աւելի գրականութեան, եւ մարդկանց մէջ արթննար ընթերցասիրութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը աւելի լաւ ճանչնար իր պատմութիւնը, իր երկերը, հարկաւոր էր, որ նոր հրատարակութիւնները գրուէին այն լեզուով, որ կը խօսէր ինքը` ժողովուրդը, այսինքն աշխարհաբար: Այդ համարձակ առաջին քայլը կատարեց Խաչատուր Աբովեանը իր «Վէրք հայաստանի» վէպով:

Աբովեանի հետ եւ անորմէ ետք, հրապարակ իջան ըլլայ արեւելահայ գրականութեան մէջ, ըլլայ՝ արեւմտահայ այնպիսի նշանաւոր գրողներ ինչպիսիք են՝ Ղազարոս Աղայեան, Պերճ Պռոշեան, Րաֆֆի, Գաբրիէլ Սունդուկեան, Միքայէլ Նալպանտեան, Ղեւոնդ Ալիշան, Պետրոս Դուրեան, Մկրտիչ Պեշիկդաշլեան, Ռաֆայէլ Պատկանեան, Յակոբ Պարոնեան եւ ուրիշներ:

Նոր գրականութիւնը զարգացման բարձրակէտին հասաւ ԺԹ. դարու վերջին Ի. Դարասկիզբին: Չնայած անոր, որ այդ տարիներուն հայ ժողովուրդը բազում- բազմապիսի փորձութիւններու ենթարկուեցաւ, շատ աղէտներ տեսաւ, բայց պահպանեց իր հոգեւոր հարստութիւնները: Ոչ մէկ բան կրցաւ կասեցնել մեր արուեստագէտներուն եւ գրագէտներուն արարելու կամքը:

Իրենց ստեղծագործութիւններով փայլեցան արեւելահայ բանաստեղծներէն` Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան, Վահան Տէրեան: Արեւմտահայերէն՝ Պետրոս Դուրեան, Միսաք Մեծարենց, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, Վահան Թէքէեան եւ ուրիշներ, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով հայ գրականութիւնը հասցուցին միջազգային գրականութեան մակարդակին: Կարդալով անոնց բանաստեղծութիւնները կ'ըմբոշխնես մայրենի լեզուի գեղեցկութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2022, 10:30