Որոնել

Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը կը սրի Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը կը սրի 

Ուքրանիոյ հարցով լարուածութիւնը կը սրի

Ռուսիա եւս մարտաւաներ ուղարկած էր դէպի Ուքրանիոյ ջուրերը, աւելիով սեղմելով Ուքրանիոյ շուրջ օղակը։

Երկուշաբթի, 24 Յունուարին, մինչ ՆԱԹՕն յաւելեալ ռազմական օդանաւեր եւ մարտանաւեր ուղարկեց Ուքրանիա, ռուսական հաւանական ներխուժման պարագային զօրակցելու համար ուքրանական ուժերուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործող նախարարութիւնը կոչ ըրաւ Ուքրանիա գտնուող իր դիւանագէտներու ընտանիքներուն, որ անյապաղ հեռանան երկրէն։

Աւելի կանուխ, Ռուսիա եւս մարտաւաներ ուղարկած էր դէպի Ուքրանիոյ ջուրերը, աւելիով սեղմելով Ուքրանիոյ շուրջ օղակը։

Լարուածութեան սրումէն երկու օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ժընեւի մէջ ունեցան Ուքրանիոյ տագնապին նուիրուած 1.5 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը, որ իր տեսակին մէջ երրորդն էր:

Հանդիպումին աւարտին, Լաւրով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները համաձայն գտնուած է յառաջիկայ շաբաթ Ռուսիոյ ապահովական երաշխիքներու պահանջներուն վերաբերեալ գրաւոր պատասխան մը տալու: «Չեմ կրնար ըսել, եթէ ճիշդ ուղիի վրայ ենք, թէ ոչ: Կ՛իմանանք, երբ ամերիկեան կողմի պատասխանները ստանանք», շեշտեց ան:

Պլինքըն Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ուքրանիոյ սահմանին մէջ ռուսական զինեալ ուժերու որեւէ շարժում «վերանորոգ ներխուժում մը» պիտի ըլլայ եւ Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն «արագ, խիստ ու միացեալ հակազդեցութեան» պիտի արժանանայ:

Պլինքըն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգնեըր համաձայնած է յառաջիկայ շաբաթ Ռուսիոյ պահանջած ապահովական երաշխիքներուն գծով գրաւոր պատասխաններ ուղարկելու:

«Դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ խորհրդակցութիւններէ ետք կը նախատեսենք, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի կարենանք Ռուսիոյ աւելի մանրամասնութեամբ յայտնել մեր մտահոգութիւնները եւ գաղափարները», ըսաւ Պլինքըն:

 «Չէինք սպասեր, որ այսօր որեւէ բեկում արձանագրուի, սակայն կը հաւատամ, որ այժմ իրարու մտահոգութիւնները հասկնալու առումով, աւելի յստակ ուղիի մը վրայ ենք», աւելցուց ան՝ վստահեցնելով. «Պատրաստ չէ զոհաբերելու մեր հիմնարար սկզբունքները, ներառեալ՝ ՆԱԹՕի բաց դռներու քաղաքականութիւնը»:

ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՛ՈՒԶԷ ՄԻՋՆՈՐԴԻ ԴԵՐ ԽԱՂԱԼ

 «Մօտ օրէն Ուքրանիա պիտի այցելեմ կամ թերեւս հեռաձայնով խօսիմ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եւ Մոսկուա այցելեմ: Ուքրանիոյ բռնագրաւումը եւ անոր սահմաններուն ոտնահարումը շրջանի ապահովութեան բացայայտ ոտնահարում մը կը նկատուի: Կրնանք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան համար միջնորդութիւն կատարել», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2022, 07:59