Որոնել

Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաու Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաու 

ԵԱՀԿ-ի նախագահը առաջնահերթ նկատած է ձգձգուած տագնապներու խաղաղ լուծման որոնումները

«Ժամանակն է մեր ուշադրութեան կեդրոնը դարձնել մարդասիրական նկատառումները: Ամէն ձգձգուած տագնապի ետին կան մարդիկ, որոնք ամէնէն շատ կը տառապին», ըսած է Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաու անհրաժեշտ կը նկատէ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ անվտանգային կացութեան բարելաւման` մասնաւորաբար նպաստելով շրջանային ու ձգձգուած տագնապներու խաղաղ լուծման փնտռտուքներուն: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին Ռաու խօսած է 2022 թուականին ԵԱՀԿ-ի մէջ Լեհաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները ներկայացնելու ժամանակ:

«Ժամանակն է մեր ուշադրութեան կեդրոնը դարձնել մարդասիրական նկատառումները: Ամէն ձգձգուած տագնապի ետին կան մարդիկ, որոնք ամէնէն շատ կը տառապին», ըսած է Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ-ի մէջ Լեհաստանի նախագահութեան ընթացքին առաջնահերթ պիտի ըլլայ տագնապէն վնասուած տարածքներուն մէջ հասարակութիւններուն, մասնաւորաբար յատուկ ուշադրութեան կարիք ունեցող խումբերուն աջակցութեան ցուցաբերումը:

Զպիկնեւ Ռաու նաեւ խօսած է ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ փոխընկալման բարելաւման ու լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութեան մասին: «Մենք պիտի կեդրոնանանք շարունակաբար վատթարացող մթնոլորտի մէջ երկխօսութեան որակի բարելաւման վրայ», ըսած է ան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2022, 08:00