Որոնել

Հայ երաժշտութիւն տարածող Ճափոնցի երաժիշտները կը մեծարուին Հայ երաժշտութիւն տարածող Ճափոնցի երաժիշտները կը մեծարուին 

Հայ երաժշտութիւն տարածող Ճափոնցի երաժիշտները կը մեծարուին

Թաքահիրօ Աքիպա պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան մետալով
Ունկնդրէ լուրը

Ճափոնի մէջ հայ երաժշտական մշակոյթը աշխուժօրէն տարածելու գործին մեծ ներդրում ունենալուն համար, Թոքիոյի մէջ Կոմիտասի անուան երաժշտական միութեան համահիմնադիր, տաղանդաւոր դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպա պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան մետալով, կը հաղորդէ Ճափոնի մէջ այաստանի դեսպանատունը:

Դեսպան Արեգ Յովհաննիսեան դեսպանատան մէջ մետալը յանձնեց ճափոնցի երաժիշտին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ապագայ ծրագիրները, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատելու 30ամեակին առիթով նախատեսուած ձեռնարկները:

13 Մարտին, Թոքիոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Աքիպայի եւ ջութակահար Քէիքօ Ուրուշիհարայի համերգը, որուն ընթացքին երաժիշտները պիտի կատարեն նաեւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները՝ հայ անուանի երգահանին 100ամեակին արիթով:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2022, 08:00